ԿԻՐԱԿԻ, 4 ՕԳՈՍՏՈՍ, Ե. ԿԻՐԱԿԻ ԱՅԼԱԿԵՐՊՄԱՆ
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍՒ 6:39-47
Զիս ղրկող Հօրս կամքն է, որ չկորսնցնեմ ո՛չ իսկ մէկը բոլոր անոնցմէ՝ որ ինծի տուաւ, այլ յարուցանեմ զայն վերջին օրը: Հօրս կամքը հետեւեալն է.- Ով որ տեսնէ Որդին եւ հաւատայ անոր՝ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ, եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը:
Հրեաները սկսան տրտնջալ իրեն դէմ, որովհետեւ ըսած էր՝ թէ «Ես եմ երկինքէն իջած հացը», եւ կը հարցնէին.
– Այս մարդը Յովսէփի որդին՝ Յիսուսը չէ՞, որուն հայրն ու մայրը կը ճանչնանք. ինչպէ՞ս ուրեմն կ’ըսէ՝ «Ես երկինքէն իջայ»:
Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Կը բաւէ՛ դուք ձեզի քրթմնջէք: Ոեւէ մէկը չի կրնար ինծի գալ՝ եթէ զիս ղրկող Հայրը զայն ինծի չբերէ. եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը: Մարգարէութիւններուն մէջ գրուած է. «Ամէն մարդ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ»: Ով որ Հօրմէս կը լսէ եւ իրմէ կը սորվի՝ ինծի կու գայ: Ոչ ոք Հայրը տեսած է, բացի անկէ՝ որ Աստուծմէ է, որովհետեւ միայն անիկա տեսած է Հայրը: Ու ես կ’ըսեմ ձեզի, թէ ով որ ինծի հաւատայ՝ յաւիտենական կեանք ունի:
Բ. ՆԱՄԱԿ ՏԻՄՈԹԷՈՍԻ 2:15-19
Ջանա՛ Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ, այնպիսի մշակ մը՝ որ իր գործերուն համար ամչնալիք բան մը չունի, որպէս մէկը՝ որ ուղիղ կերպով կ’ուսուցանէ Աստուծոյ ճշմարիտ պատգամը:
Հեռո՛ւ կեցիր հաւատքի ճշմարտութիւնները խեղաթիւրող պարապ վիճաբանութիւններէ, որոնք հետզհետէ մարդիկը Աստուծմէ հեռացնելու կը ծառայեն միայն: Այդպիսի խօսքերու ձգած թոյնը քաղցկեղի պէս կը կրծէ մարդս: Այդպիսի խեղաթիւրող վիճասէրներ էին Հիմենէոս եւ Ֆիլետոս, որոնք ճշմարտութենէն շեղեցան եւ շատերու հաւատքը քանդեցին, ըսելով՝ թէ մեռելներու յարութիւնը արդէն տեղի ունեցած է: Բայց Աստուծոյ դրած հաստատուն հիմը կանգուն կը մնայ: Անոր վրայ գրուած է. «Տէրը կը ճանչնայ անոնք՝ որոնք իրն են», եւ «Ով որ Տիրոջ անունը կը կրէ՝ թող հեռու մնայ անիրաւ գործերէ»: