ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆ
Շաբաթ, 3 Օգոստոսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Գրիգոր Աստուածաբան Հայրապետի տօնը։ Ան նաեւ ծանօթ է Ս. Գրիգոր Նազիանզացի անունով եւ Արեւելեան Եկեղեցւոյ մեծ հայրերէն մէկը կը համարուի, որ ծանօթ էր նաեւ որպէս մեծ հռետոր։ Անոր աստուածաբանական հինգ ճառերը հաւատքի հզօր հաստատումներ էին ի պաշտպանութիւն ուղղափառութեան եւ զինք արժանի դարձուցած են «Աստուածաբան» տիտղոսին։ Ս. Գրիգոր Աստուածաբան նաեւ գրած է բանաստեղծութիւններ ու նամակներ եւ Ս. Բարսեղի հետ կազմած է Եկեղեցւոյ հայրերէն Որոգինէսի (184-253) գրութիւններու հաւաքածոյ մը։