ՍԱՅՐԸՍ ՀԵՄԼԻՆ (մահ՝ 8 Օգոստոս, 1900)
Սայրըս Հեմլին Ժողովական եկեղեցւոյ պատկանած յայտնի ամերիկացի միսիոնար մըն էր, որ Կ. Պոլսոյ ամերիկեան Ռոպըրթ գոլէճի համահիմնադիրը եղած է։
Ծնած է Ուոթըրֆըրտ (Մէյն), 8 Յունուար 1811-ին, նահանգի ծանօթ ընտանիքի մը մէջ։ Ոսկերիչի աշկերտ եղած է, նախքան եկեղեցական ծառայութեան լծուիլը։ 1834-ին աւարտած է Պաուտոյն գոլէճը, իսկ 1837-ին՝ Պանկոր աստուածաբանական սեմինարը։
Ամուսնանալէ քանի մը ամիս ետք, կնոջ հետ մեկնած է Կ. Պոլիս իբրեւ միսիոնար։ 1840-1860-ին հիմնած ու տնօրէնութիւնը վարած է Պէպէքի սեմինարին, որ մաս կազմած է հայերուն ուղղուած իր քարոզչական աշխատանքին։ 1860-ին հրաժարած է միսիոնարի իր պաշտօնէն իբրեւ հետեւանք միսիոնարական ամերիկեան վարչութեան հետ ունեցած իր տարակարծութիւններուն։ Հեմլին աշխարհական գործ ստեղծած է՝ աշակերտներուն արհեստ սորվեցնելու եւ իրենց աղքատութիւնը մեղմացնելու համար։ Անոր ստեղծած ձեռնարկներուն եկամուտները 13 հայ բողոքական եկեղեցիներու շինարարութեան սատարած են Թուրքիոյ մէջ։
1860-ին լծուած է Ռոպըրթ գոլէճը հաստատելու աշխատանքին։ Ի վերջոյ, յաջողած է կայսերական հրովարտակ մը ձեռք ձգել, որ կ՚արտօնէր դպրոցի շինութիւնը եւ ամերիկեան հովանաւորութեան հաստատումը անոր վրայ։ Դպրոցին բացումը տեղի ունեցած է 1863-ին, եւ Հեմլին անոր նախագահը եղած է մինչեւ 1873։ Այնուհետեւ, վերադարձած է Միացեալ Նահանգներ, ուր 1877-1880-ին դասախօսած է Պանկոր աստուածաբանական սեմինարին մէջ, իսկ 1880-1885-ին Վերմոնթի Միտըլպըրի գոլէճի նախագահ եղած է։
Հեմլին հրատարակած է երկու հատորներ՝ «Թուրքերուն միջեւ» (1878) եւ «Իմ կեանքս ու ժամանակս» (1893)։ Կեանքի վերջին տարիներուն, 1894-1896-ի հայկական կոտորածներու դէմ զօրաւոր բողոքներու ձեռնարկած է, յօդուածներ գրելով եւ 1895-ին գլխաւորելով հանրահաւաք մը Պոսթընի մէջ։ Մահացած է 8 Օգոստոս, 1900-ին, Լեքսինկթընի մէջ (Մէսէչուսէթս), ուր կ՚ապրէր հանգստեան կոչուելէ ետք եւ ուր թաղուած է։ Անոր անունը կը կրեն սրահ մը Պոլսոյ Պողազիչի համալսարանին մէջ (նախկին Ռոպըրթ գոլէճը) եւ ուրիշ սրահ մը Միտըլպըրի գոլէճին մէջ։