իրադարձութիւնները աղերս չունին իրարու հետ։ Այսուհանդերձ, հոգեւոր եւ ազգային զոյգ գաղափարներ կը շաղկապուին անոր մէջ։ Ըստ Սուրբ Գրոց (Ղեւտացւոց 23.10), այս արարողութիւնը հիմնուած է աստուածաշնչական աւանդութեան վրայ։ Աստուած պատուիրած է Մովսէսի միջոցով, որ եբրայեցիները իրենց պտուղներու երախայրիքը նուիրեն գոհութեամբ, որպէսզի անոնք Տիրոջ օրհնութիւնը ստանան։ Նկատի ունենալով, որ Աստուածամօր Վերափոխման տօնը կը զուգադիպի հայկական Նոր Տարիին, մեր նախահայրերը յարմար տեսած են, որ այդ առաջին երախայրիքը ընծայուի Սուրբ Խորանին Աստուածամօր տօնին առթիւ։ Այս առիթով, «Փառք Սուրբ Խաչի» շարականը կ՚երգուի եւ կը կարդացուին աստուածաշնչական դրուագներ, որոնց կը հետեւի Ս. Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոսի յատուկ աղօթքը։ Աղօթքէն ետք, խաղողները երեք անգամ կ՚օրհնուին եւ ապա կը բաժնուին հաւատացեալներուն։ Շատեր, հետեւելով տոհմիկ աւանդութեան, մինչեւ այս տօնը խաղող չեն ուտեր։
Կրնանք ըսել, թէ Խաղողօրհնէքը երկրի պտղաբերութեան խորհրդանշական տօնակատարութիւն մըն է։ Որթատունկը աշխարհի հնագոյն մշակուած բոյսերէն մէկն է։ Նոյ որթատունկ մը տնկած է տապանէն ելլելէ անմիջապէս ետք (Ծննդոց գիրք, գլ. 9)՝ Նախիջեւանի մէջ։ Անշուշտ՝ Ս. Պատարագի գինին խաղողէն կու գայ։
«Օրհնէ նաեւ, Տէր, այն որթատունկերը որոնցմէ հաւաքուած են այս խաղողները եւ ըրէ զանոնք բարեբեր եւ բազմաբեղուն եւ պարարտ։ Տէր, բոլոր այգեստանները անփորձ պահէ. փրկէ զանոնք կարկուտէ, սառնամանիքէ եւ վնասաբեր հովերէ եւ միջատներէ, որպէսզի մենք, քու արարածներդ, շարունակենք վայելել անոնց պտուղները այս աշխարհի վրայ, զոր Դուն մեզի տուիր, եւ արժանի ըլլանք քեզի հետ ուտելու եւ խմելու քու Հօրդ արքայութեան սեղանին՝ ըստ Քու խոստումիդ, ի պատիւ եւ ի փառաբանութիւն համագոյ Ս. Երրորդութեան՝ Հօր եւ Որդւոյ եւ Ս. Հոգւոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն» (Հատուած՝ Ս. Ներսէս Շնորհալիի Խաղողօրհնէքի աղօթքէն)։