Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ «ՇՈՒՇԱՆԻԿ» ՃԱՄԲԱՐ

Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) այս տարուան «Շուշանիկ» ամառնային ճամբարը սկսաւ Երկուշաբթի, 12 Օգոստոսին եւ պիտի տեւէ մինչեւ Ուրբաթ, 16 Օգոստոս։ Այս տարի ճամբարը ունի 65 մասնակիցներ (15 հոգի սպասման ցուցակի մէջ մնացած են), որոնց կ՚ընկերանայ 30 հոգինոց անձնակազմ մը։

Երեքշաբթի, 13 Օգոստոսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելութիւն մը տուաւ ճամբարին, ուր հանդիպեցաւ մասնակիցներուն եւ ուսուցիչներուն, եւ քաջալերեց տարուող աշխատանքները։