ԳԵՐՊ. Տ. ՍԱՀԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ԵՄԻՇԵԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԸ
Կիրակի, 11 Օգոստոսին, նախագահութեամբ՝ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) հոգեւոր հովիւ եւ առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, որ 1 Յուլիսին ընտրուած է Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ, հրաժեշտի Ս. Պատարագը մատուցեց։ Իր քարոզին մէջ, վեր առնելով յոյսի եւ բարեսիրութեան գաղափարը, Հայր Սուրբը յորդորեց հաւատացեալները հետեւիլ այդ ճանապարհին եւ պահպանել ու զարգացնել Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ համայնքին գործունէութիւնը։
Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին յաւուր պատշաճի խօսք առին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ պրն. Հրաչ Մեսրոպեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան, եւ եկեղեցւոյ յարակից մարմիններու ու քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Իր խօսքին մէջ, Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ ծուխին, որ իրեն առիթը ընծայած էին հովուական պաշտօնով իր ծառայութիւնը արդիւնաւորելու։ Գործակցութեան ոգին բանալին ըլլալով յաջողութեան, ան թելադրեց, որ այդ նոյն ոգին դառնայ մղիչ ուժը գաղութային կեանքին, որ պիտի զօրացնէ եկեղեցական թէ աշխարհական բոլոր կառոյցները, կերտելով աւելի փայլուն ապագայ։ Փակման խօսքը կատարեց Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, որ յայտնեց.
«Անցնող տասնամեակին ԱՄՆ-ի մէջ ուսանողութեան կողքին Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի հովուական ծառայութիւնը՝ որպէս հոգեւոր հովիւ Ուստըրի Ս. Երրորդութիւն եւ Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդանանց եկեղեցիներուն, ինչպէս նաև առաջնորդական փոխանորդ եւ տեսուչ «Տաթեւ» լսարանին, մեծապէս սատարեց Թեմիս զարգացման եւ յառաջդիմութեան:
Բոլոր պաշտօնները կատարած է ամենայն բծախնդրութեամբ, ստեղծելով յարգանք եւ հիացում ո՛չ միայն իր անձին, այլ նաև Կիլիկեան Սուրբ Աթոռին եւ Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ:
Վստահ ենք, որ Առաջնորդական նոր լուծը ան պիտի կրէ իր նկարագրին յարիր պատասխանատուութեան բարձրագոյն մակարդակով»։