Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացան Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն՝ պրն. Զաւէն Խանճեանի մահուան տխուր լուրը, որ տեղի ունեցած է Ուրբաթ, 9 Օգոստոսին, Կլենտէյլի մէջ (Գալիֆորնիա)։
Զաւէն Խանճեան ծնած էր Հալէպի մէջ, 31 Յուլիս, 1944-ին։ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած Վազգէն եւ Վերժին Խանճեաններու հինգ զաւակներէն մէկն էր։ Մեծցած է Հալէպի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին մէջ, ուր եղած է երիտասարդաց խումբին գործունեայ մէկ անդամը։
Հալէպի մէջ նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստանալէ եւ «Ալեփփօ գոլէճ»ի շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, 1967-ին աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը, ստանալով Պսակաւոր Արուեստիցի տիտղոսը վարչագիտութեան մէջ։ Նոյն տարին մեկնած է Արաբական Ծոցի երկիրները, ուր 13 տարիներ աշխատած է, աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալով նաեւ հայկական կեանքին մէջ։ 1970-ին ամուսնացած է Սոնա Քէլլիկեանի հետ եւ ունեցած են երեք զաւակներ՝ Վազգէն, Հրակ եւ Վանա։
1979-ին Զաւէն Խանճեան ընտանեօք փոխադրուած է Գալիֆորնիա նահանգը, ուր յաջորդ 35 տարիներուն ունեցած է գործօն կեանք մը գաղութի կրթական, եկեղեցական, ազգային, ընկերային եւ հասարակական կեանքին մէջ, վարելով ղեկավար պաշտօններ Մերտինեան Հայ Աւետարանական Վարժարանի, Միացեալ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան, Սուրիահայութեան Զօրակցութեան Հիմնադրամի եւ այլ կազմակերպութիւններու մէջ։ Ան անդամ էր Լոս Անճելիսի Միացեալ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին։
1982-2014 տարիներուն վարած է անշարժ կալուածներու իր սեփական ընկերութիւնը։
Յուլիս 2014-ի հրաւիրուած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէնի պաշտօնին, Փարամըսի մէջ (Նիւ Ճըրզի), զոր վարած է մինչեւ իր մահը։ Տասնամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին ան վերահսկած է բազմաթիւ կարեւոր իրադարձութիւններու։
Աշխատակցած է հայ մամուլին, հայերէնով եւ անգլերէնով։ Հեղինակ է երեք հատորներու. «Սրտի եւ մտքի ցոլքեր» (2011), «Հալէպ. առաջին կայարան» (2013) եւ «Այս տունը քո՞ւկդ է թէ իմս» (2017)։
Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ հայապահպանութեան գործին իր ներդրած աւանդին համար, Զաւէն Խանճեան արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու, որոնց շարքին՝ 2017-ին Հայաստանի Հանրապետութեան օրուան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ շնորհուած է երախտագիտութեան մետալի։ 2019-ին ստացած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան պատուաւոր անդամի կոչում։
Զաւէն Խանճեան իր ետին կը թողու իր տիկինը՝ Սոնան, երեք զաւակներ, եօթ թոռներ, երկու քոյրեր եւ մէկ եղբայր։ Ուրիշ քոյր մը՝ Անահիտ Թերճիմանեան, մահացած էր Ապրիլ 2024-ին։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Ազգային Առաջնորդարանի ընտանիքը իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալ Զաւէն Խանճեանի ընտանեկան պարագաներուն եւ պաշտօնակիցներուն։ Աստուած հոգին լուսաւորէ։