Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 18 ՕԳՈՍՏՈՍ – ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 2:1-7 

Այդ օրերուն, Օգոստոս կայսր հրամանագիր հանեց՝ իր կայսրութեան սահմաններուն մէջ գտնուող բոլոր բնակիչներուն մարդահամարը կատարելու: Այս առաջին մարդահամարը տեղի ունեցաւ Սուրիայի կառավարիչ Կիրենիոսի օրերուն: Ամէն մարդ իր ծննդավայր քաղաքը կ’երթար՝ իր անունը արձանագրել տալու համար: Յովսէփ, Դաւիթի ցեղէն եւ ազգատոհմէն ըլլալուն համար, Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքէն ելաւ եւ իր անունը արձանագրել տալու համար գնաց Հրէաստանի Բեթլեհէմ քաղաքը, Դաւիթ թագաւորին ծննդավայրը: Իրեն կ’ընկերանար իր նշանածը՝ Մարիամ, որ յղի էր:

Բեթլեհէմի մէջ Մարիամի ծննդաբերութեան ժամանակը հասաւ եւ ծնաւ իր անդրանիկ զաւակը, որ փաթթեց խանձարուրի մէջ եւ դրաւ մսուրի մը մէջ, որովհետեւ պանդոկին մէջ իրենց համար տեղ չկար:

 

ՆԱՄԱԿ ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 3:29-4:7

Արդ ուրեմն, եթէ Քրիստոսի կը պատկանիք, կը նշանակէ թէ դուք Աբրահամի զաւակներ էք եւ պիտի ժառանգէք ինչ որ Աստուած անոր խոստացաւ:

Բայց գիտցէ՛ք նաեւ, թէ ժառանգորդ մը թէպէտ ամբողջ ժառանգութեան իսկական տէրն է, բայց որքան ատեն որ անչափահաս է՝ տարբերութիւն չունի ծառայէ մը, քանի խնամակալներու եւ հոգաբարձուներու ենթակայ է, մինչեւ հասնի իր հօրը որոշած ժամանակակէտը: Նոյնն է մեր ալ պարագան: Որքան ատեն որ հոգեւորապէս անչափահաս էինք՝ բնութեան ոյժերուն կ’ենթարկուէինք ու կը ծառայէինք: Բայց հիմա յարմար ժամանակը հասած համարելով, Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Որդին, որ կնոջմէ մը ծնաւ եւ Օրէնքին տակ ապրեցաւ, որպէսզի մեզ Օրէնքին գերութենէն փրկէ եւ Աստուծոյ որդիներ դարձնէ: Արդ, որովհետեւ իր որդիներն ենք՝ Աստուած մեր սիրտերուն մէջ ղրկեց իր Որդիին Հոգին, որով զԱստուած «Աբբա», այսինքն «Հայր» կը կոչենք: Ուստի այլեւս ծառայ չէք, այլ՝ որդի. եւ քանի որդի էք՝ Աստուծոյ խոստումը պիտի ժառանգէք: