Տօներ

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆ

Օրհնեալ Սուրբ Կոյս Մարիամ բարձր տեղ կը գրաւէ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ՝ Քրիստոսի կողքին։ Աւետարանները կը սորվեցնեն մեզի, որ Մարիամ օրհնուեցաւ՝ Աստուծոյ կողմէ կանչուելով Անոր աստուածային փրկութեան ծրագիրը կատարելու։ Մարիամը քրիստոնէութեան մէջ առաջնահերթ տեղ մը կը գրաւէ, որովհետեւ անոր միջոցով եւ Սուրբ Հոգիի մասնակցութեամբ՝ Աստուած մարմին առաւ ու մարդացաւ։

Առ ի յարգանս Սուրբ Կոյսին, Ս. Պատարագի սկզբնաւորութեան, եկեղեցականը ձեռքերու լուացումէն անմիջապէս ետք կը դիմէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածամօր միջնորդութեան, ըսելով. «Վասն Սրբուհւոյ Աստուծածածնի բարեխօսութեանն, Տէր, ընկալ զաղաչանս մեր…» (Սրբուհի Աստուածածնի բարեխօսութեամբ, Տէր, ընդունէ՛ մեր աղաչանքները…»)։ Առաքելական եկեղեցիները մայր խորանին վրայ կը ներկայացնեն Աստուածածնի նկարը՝ Յիսուս մանուկը գրկած։

Կիրակի, 18 Օգոստոսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը տօնախմբէ Ս. Աստուածածնի Վերափոխումը՝ մեր կրօնական տօնացոյցի հինգ տաղաւար տօներէն չորրորդը, որուն կը յաջորդէ խաղողօրհնէքը։ «Վերափոխում» բառը «վեր փոխադրել» կը նշանակէ գրաբարի մէջ։ Ըստ աւանդութեան, Աստուածածնի մահէն ետք, առաքեալները զայն թաղեցին Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ։ Բարթուղիմէոս, որ բացակայ էր յուղարկաւորութեան, փափաքեցաւ գերեզմանը այցելել։ Երբ աշակերտները գերեզմանաքարը բարձրացուցին, զարմանքով տեսան, որ մարմինը այդտեղ չէր։ Անոնք եզրակացուցին, որ Քրիստոս իր մայրը փոխադրած էր Երկնային Արքայութիւն։ Այս իրադարձութեան վրայ հիմնուելով, Եկեղեցւոյ Հայրերը Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը հաստատեցին։ Տօնին կը նախորդէ հինգօրեայ պահք եւ կը յաջորդէ՝ մեռելոցի օր։ Աստուածնայ տօնը ինը օրերու վրայ տարածուած կը նշուի։

Բարթուղիմէոսը շատ կը սիրէր Աստուածամայրը, որ իր պատկերը տուած էր Յովհաննէս առաքեալին։ Վերջինս, իր կարգին, առ ի մխիթարութիւն, պատկերը յանձնած է Բարթուղիմէոսին, որ զայն բերած է Հայաստան՝ Անձեւացեաց գաւառի (Վասպուրական) Դարբնոց Քար վայրը, ուր Հոգեաց վանքը շինուած է՝ յարակից կուսանոցով, ու այդ սրբապատկերը պահպանուած էր հոն։ Բարթուղիմէոսի առաքեալի սրբանկարը կը ներկայացուի միշտ Աստուածամօր նկարը իր ձեռքին բռնած։

Աստուածածնի Վերափոխման գաղափարը հին է, ինչպէս ցոյց կու տայ Աստուածամօր նուիրուած արձակն ու բանաստեղծութիւնը։ Սակայն, ան եկեղեցական հիմնական վարդապետութիւն չէ դարձած մինչեւ 9րդ դար, իսկ միայն 12րդ դարուն է, որ տօնը «Վերափոխում» անունը ստացած է։

Կիրակի օր անուանակոչման տօնն է բոլոր անոնց, որոնք կը կրեն Տիրամօր անունը, այսպէս՝ Մարիամ, Մարի, Մայրենի, Մարուշ, Մարօ,  Մաքրուհի, ինչպէս եւ  անոր հետ զուգորդուած բոլոր մակդիրները՝ Անթառամ, Արշալոյս, Արուսեակ, Արփի, Արփինէ, Թագուհի, Իսկուհի, Ծաղիկ, Մարգարիտ, Սեդա, Սրբուհի, Վերժին, Տիրուհի։

 

Այսօր ժողովեալ սրբոցն ի միասին երանելի առաքեալքն եւ սուրբ կուսանքն ջահազգեստուք պայծառացեալք լուցանէին զլապտերս իւրեանց. եւ միաձայնեալ ասէին, օրհնեալ ես ամէնօրհնեալդ ի կանայս։

Այսօր դնելով զսուրբ կոյսն առ դրանն գերեզմանին, սպասէին եւ ակն ունէին տեառն իսկ ինքնին գոլով, գեր ի վերոյ տեսեալ զարարիչն եկեալ բազում հրեշտակօք. եւ նոցա միաձայնեալ ասէին, օրհնեալ ես ամէնօրհնեալդ ի կանայս։

Այսօր տեսեալ զսուրբ կոյսն թռուցեալ յօդս, եւ ամպեղէն կառօքն ի վեր համբարձեալ յերկինս. մտանելով յերկնային խորանսն ընդ իմաստուն կուսանսն. եւ նոցա միաձայնեալ ասէին, օրհնեալ ես ամէնօրհնեալդ ի կանայս։

Այսօր ընդ բազմաչեայ քրովբէսն եւ ընդ վեցթեւեան սրովբէսն մտանելով եօթնաստեղեան խորանսն. տեսանելով զանազան աթոռսն զոր պատրաստեալ է քեզ տէրունւոյդ. երգեմք եւ մեք ասելով. օրհնեալ ես ամէնօրհնեալդ ի կանայս։

(Այսօր սուրբերը՝ երանելի առաքեալներն ու սուրբ կոյսերը՝ միասին հաւաքուած՝ լուսաւոր զգեստներով պայծառացած՝ իրենց լապտերները կը վառէին եւ միաձայն կ՚ըսէին՝ օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ ամէնօրհնեալ։

Այսօր սուրբ կոյսը գերեզմանին առջեւ դնելով կը սպասէին եւ կ՚ակնկալէին Տիրոջ անձամբ հոն ըլլալը, բայց տեսան որ Արարիչը վերէն բազում հրեշտակներով կու գար. եւ անոնք միաձայն կ՚ըսէին՝ օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ ամէնօրհնեալ։

Այսօր տեսան օդին մէջ սուրբ կոյսին թռչիլն ու ամպեղէն կառքով երկինք համբառնալը եւ երկնային խորաններու մէջ մտնելը իմաստուն կոյսերու հետ եւ անոնք միաձայն կ՚ըսէին՝ օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ ամէնօրհնեալ։

Այսօր բազմաչեայ քերովբէներուն եւ վեցթեւեան սերովբէներուն հետ եօթնաստեղեան խորանները մտնելով տեսար զանազան աթոռներ, զոր Տէրը քեզի համար պատրաստած է. մենք ալ կ՚երգենք ըսելով՝ օրհնեալ ես դուն կիներու մէջ ամէնօրհնեալ)։