ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 18 Օգոստոսին, Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առթիւ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ուխտի պատարագ մատուցանեց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս։
Նախքան իր հոգեւոր խօսքը, Սրբազան Հայրը գոհութիւն յայտնեց Բարձրեալն Աստուծոյ, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնին, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց աղօթքներով արժանի եղաւ ուխտի այս պատարագը մատուցանել չորս ամիսներ առաջ իր ունեցած ողնաշարի վիրահատութենէն ետք։
Սրբազան Հայրը, անդրադառնալով օրուան տօնի խորհուրդին, վեր առաւ Սուրբ Մարիամի մէջ ցոլացող գերագոյն առաքինութիւնները՝ Հաւատք, Հնազանդութիւն եւ Յանձնառութիւն։ Աստուածային տնօրինութեան ընդառաջելով, Սուրբ Կոյսը անզուգական առանձնաշնորհման արժանացաւ եւ սրբազնագոյն անօթը դարձաւ Փրկագործութեան խորհուրդին, երբ Աստուածորդին տաղաւարուեցաւ իր մէջ եւ պատարագուելով Խաչին վրայ մարդկութեան Փրկութիւն շնորհեց։
Աստուածամայրը, եզրակացուց Սրբազան Հայրը, անխտիր բոլոր դարերու հաւատացեալներուն կենդանի օրինակ է՝ անվերապահ կերպով ընդունելու զԱստուած եւ ապրելու անոր շնորհները երկրաւոր թէ յաւիտենական կեանքին մէջ։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ դաշտագնացութիւն, աւելի քան ութ հարիւր հայ եւ օտար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Անդաստանի եւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնները անգամ մը եւս առիթ հանդիսացան որ ներկաները անդրադառնան եւ արժեւորեն բնութեան առատ բարիքները, որպէս շօշափելի պարգեւներ ստեղծագործ եւ նախախնամող Երկնաւոր Հօր։ Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց արարողութեան, առընթերակայութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւներուն՝ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժպ․ Տէր Միքայէլ Քհն․ Տէր Խոսրովեանի, նախկին հովիւ՝ Արժպ․ Տէր Արամ Ա. Քհն․ Ստեփանեանի, Արժպ․ Տէր Պետրոս Քհն․ Շիթիլեանի՝ հովիւ Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ինտիըն Օրչըրտ), Արժպ․ Տ. Ստեփան Քհն․ Պալճեանի՝ հովիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Նորթ Անտովըր), Արժպ․ Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանի՝ հովիւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս), Արժպ․ Տ Թադէոս Քհն․ Բարսեղեանի, հովիւ էջմիածնական Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ (Ուստըր)