ԿԻՐԱԿԻ, 25 ՕԳՈՍՏՈՍ, Ա. ԿԻՐԱԿԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԷՆ ԵՏՔ
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 1:39-56
Նոյն օրերուն, Մարիամ ճամբայ ելլելով՝ աճապարանքով գնաց Յուդայի լեռնային շրջանի քաղաքներէն մէկը: Հոն Զաքարիայի տունը մտնելով՝ Եղիսաբէթի ողջոյն տուաւ: Երբ Եղիսաբէթ Մարիամի ողջոյնը լսեց, իր որովայնին մէջ երեխան շարժեցաւ, եւ Եղիսաբէթ Սուրբ Հոգիով ներշնչուած՝ բարձրաձայն ըսաւ.
– Կիներուն մէջ օրհնեա՜լ ես դուն եւ օրհնեա՜լ է զաւակը որ կը կրես որովայնիդ մէջ: Ի՜նչ երջանկութիւն, որ Տիրոջս մայրը ինծի կ’այցելէ. որովհետեւ երբ ողջոյնդ լսեցի, երեխաս ուրախութեամբ շարժեցաւ որովայնիս մէջ: Երանի՜ քեզի որ հաւատացիր, որովհետեւ Աստուծոյ կողմէ քեզի ըսուածները պիտի կատարուին:
Մարիամ ըսաւ.
«Տէրը պիտի գովաբանեմ.
Ահա հոգիս կ’ուրախանայ
Աստուծմով, իմ Փրկիչովս,
որովհետեւ ան տեսաւ
իր աղախինին հեզութիւնը:
Ասկէ ետք բոլոր սերունդները
երանի պիտի տան ինծի,
քանի հզօրն Աստուած ինծի համար
մեծամեծ գործեր կատարեց.
սուրբ է անունը անոր:
Բոլոր ժամանակներուն մէջ
ողորմութեամբ ան կը նայի
աստուածավախ մարդոց վրայ:
Իր բազուկով ան զօրութիւն ցոյց տուաւ,
ոչնչացուց հպարտները՝
իրենց բոլոր խորհուրդներով:
Գահազրկեց արքաները
եւ բարձրացուց խոնարհները:
Անօթիները բարիքներով լիացուց,
մինչ հարուստները դատարկաձեռն արձակեց:
Պաշտպան եղաւ իր ծառային՝ Իսրայէլի,
հաւատարիմ մնալով իր ողորմութեան,
ինչպէս որ խոստացած էր մեր հայրերուն՝
Աբրահամի եւ անոր զաւակներուն»:
Մարիամ Եղիսաբէթի մօտ շուրջ երեք ամիս մնալէ ետք վերադարձաւ իր տունը:
Բ. ՆԱՄԱԿ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:16-7:1
Ի՞նչ նմանութիւն կայ Աստուծոյ տաճարին եւ մեհեաններուն միջեւ:
Արդարեւ, մե՛նք ենք կենդանի Աստուծոյ տաճարը, ինչպէս Աստուած ինք ըսաւ.-
«Անոնց մէջ պիտի բնակիմ
եւ անոնց հետ պիտի ապրիմ:
Ես իրենց Աստուածը պիտի ըլլամ
եւ անոնք՝ իմ ժողովուրդս»:
Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուած կը հրահանգէ մեզի.-
«Անջատ եւ հեռո՛ւ կեցէք հեթանոսներէն.
պիղծ բաներու մի՛ դպչիք,
եւ ես ձեզ պիտի ընդունիմ:
Ես ձեզի Հայր պիտի ըլլամ
եւ դուք իմ տղաքս ու աղջիկներս պիտի ըլլաք,-
կ’ըսէ ամենակալ Տէրը»:
Սիրելինե՛ր, այս խոստումները մեզի եղած են: Ուստի հեռո՛ւ մնանք մարմնական եւ հոգեկան ամէն պղծութենէ, մենք մեզ կատարելապէս մաքրենք՝ Աստուծոյ երկիւղովը ապրելով: