«ՄԵԾ ԸՆՏԱՆԻՔ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՃԱՄԲԱՐԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆՈՒՆԴ ԵՒ ԶՈՒԱՐՃԱԼԻՔ ԿԸ ԲԵՐԷ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԿԵԱՆՔԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Ազգային Առաջնորդարանի «Մեծ ընտանիք» ամառնային ճամբարը, որ տեղի ունեցաւ Ծաղկաձորի մէջ (Հայաստան), զբօսանքի եւ Աստուծոյ հետ մերձեցումի առիթ մըն էր 112 պատանիներուն համար, որոնք 20-27 Յուլիսին եւ 27 Յուլիս-4 Օգոստոսին մասնակցեցան անոր երկու փուլերուն։
Արժպ. Տ. Արամ Ա. Քհն. Ստեփանեան՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ) եկեղեցւոյ պատուակալ հովիւ, որ ճամբարի հիմնադիրն ու մղիչ ուժը եղած է, այս տարի չկրցաւ իր մասնակցութիւնը բերել։ Կեչառիսի վանքէն Արժպ. Տ. Սահակ Քհն. Սահակեանի առաջնորդութեամբ, անձնակազմի 20 անդամները ճամբարի նախկին մասնակիցներ էին, որոնք առնուազն երկու տարի մասնակցած էին անոր։ Անոնք իրեն ժամանակը եւ ուժերը տրամադրեցին, որպէսզի ճամբարի գործունէութիւնը անթերի կերպով ընթանար, ինչպէս եղած էր իրենց իսկ օրերուն։
Արժպ. Տ. Սահակ Քհն. բաժնեկից ու ընկերակից եղաւ երեխաներու հարցումներուն ու խոհերուն։ Ճամբարի նոր մասնակիցներէն շատերը, յատկապէս արցախցիները, առաջին անգամ կը հանդիպէին Աստուծոյ ուսմունքին, ինչ որ առիթը տուաւ բազմաթիւ քննարկումներու, որոնք հաւատքի հունտեր ցանեցին երիտասարդ հոգիներուն մէջ։
Երեխաներուն օրերը հոգեւոր եւ գործնական աշխատանքով անցան, ուր պակաս չէին մարզանքի ու զուարճութեան պահերը։
Յառաջիկայ տարուան համար, կը ծրագրուի, որ կարելի ըլլայ ընդունիլ առնուազն 150 երեխաներ, քանի որ շատեր դուրս մնացին՝ տեղի անձկութեան պատճառով։