Մեձձօ-սոփրանօ Տաթեւիկ Սազանդարեան կը նկատուի հայկական օփերայի աստղերէն մէկը անցեալ դարու առաջին կէսին։
Ծնած է Խնձորեսկ (Սիւնիք), 2 Սեպտեմբեր, 1916-ին։ Մանկութիւնը անցուցած է Պաքուի մէջ, ուր 10 տարեկանին դպրոցական երգչախումբի մենակատար եղած է։ 1929 թուականին փոխադրուած է Մոսկուա ու երգած՝ Արեւելեան սիրողական համոյթին մէջ։ 1933 թուականին համերգներ տուած է սիմֆոնիկ նուագախումբի մը հետ։ Ուսանած է Մոսկուայի Հայ Մշակոյթի Տան երաժշտական եւ թատերական աշխատանոցներուն մէջ։ 1937-ին աւարտած է դասընթացքները ու տեղափոխուած՝ Երեւան։ 1937-1961-ին Երեւանի օփերայի թատրոնի մեներգչուհի եղած է։ 1960-ին աւարտած է, իբրեւ ազատ ուսանող, Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը, ուր յաջորդ տարի սկսած է դասաւանդել։ 1970-ին ստացած է փրոֆեսորի տիտղոսը, իսկ 1977-1999-ին ամպիոնի վարիչ հանդիսացած է։ Զուգահեռաբար, 1972-1977-ին դասաւանդած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկին մէջ։
Տաթեւիկ Սազանդարեանի Փառանձեմի (Տիգրան Չուխաճեանի «Արշակ Բ.»), Թամարի (Արմէն Տիգրանեանի «Դաւիթ Բէկ») եւ Ալմաստի (Ալեքսանդր Սպենդիարեանի «Ալմաստ») դերերգերը կը նկատուին հայկական օփերայի կատարողական արուեստի գոհարներ։ Կարգ մը դերերգեր գրուած են յատկապէս իրեն համար։ Ան նաեւ ելոյթներ ունեցած է իբրեւ սենեկային երաժշտութեան երգչուհի, կատարելով հայ, ռուս եւ եւրոպացի երգահաններու շուրջ 450 ստեղծագործութիւն։ Հիւրախաղեր ունեցած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ։
1951-ին արժանացած է Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակին, իսկ 1956-ին ստացած է Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արուեստագէտի տիտղոսը։ 1997-ին ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը։
Մահացած է 6 Հոկտեմբեր, 1999-ին, Երեւանի մէջ։ 2016-ին դրոշմաթուղթ մը հրապարակուած է, նուիրուած՝ Տաթեւիկ Սազանդարեանի ծննդեան 100-ամեակին։