ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՆՈՐ ԿԵՂԾԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ՝ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՄԵՂՍԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերջերս կատարած այցելութիւնը Ատրպէյճանի մենատէր Իլհամ Ալիեւին նաեւ ժխտական կարեւորութիւն ունեցած է կրօնական եւ պատմական հարցերու մէջ։ Փութինի ճամբորդութեան մաս կազմած է Ալիեւի հետ այցելութիւնը մը ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Պաքուի նստատեղին՝ Ս. Միւռոնակիրներու Մայր Տաճարը, ուր Ալեքսէյ եպիսկոպոս՝ Պաքուի ու Ատրպէյճանի եպիսկոպոս, յայտնած է պատերազմի զոյգ ոճրագործներուն, թէ եկեղեցին Բարթողոմէոս առաքեալի մէկ նշխարը պարունակող մասնատուփ մը ունի։
Այսքանը եթէ չէր բաւեր, Ալեքսէյ եպիսկոպոս, որ օգտակար խամաճիկ մըն էր իր ծառայած երկու վարչակարգերուն համար, աւելցուցած է, թէ առաքեալը նահատակուած էր Պաքուի մէջ, այսպէսով յենարան մը հայթայթելով ատրպէյճանական վարչակարգին, որ կը փորձէ իւրացնել Հայ Եկեղեցւոյ հիմնադիր առաքեալներէն մէկը։ Փութին, որ հաւանաբար Պաքու մեկնած էր զէնքեր խնդրելու Ուքրանիոյ մէջ իր ցեղասպանական պատերազմին առնչութեամբ, անշուշտ ուրախ պիտի ըլլար այս յիմարապատումին մեղսակից ըլլալու։
Մասնատուփը Պաքու բերած էր Յունաց Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա. 2003-ին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոր գոյութեան անդրադառնալը երկու տասնամեակ ետք ո՜չ մէկ նշանակութիւն ունի, քան Ալիեւի վարչակարգի քարոզչական նպատակներուն ծառայելը։ Ըսել, թէ Բարթողոմէոս առաքեալը նահատակուած է Պաքուի մէջ այնպիսի կեղծիք մըն է, որ պէտք է ամօթ պատճառէր ռուս եպիսկոպոսին՝ կամովին ստախօսելու կամ եկեղեցական պատմութեան խորունկ անգիտութիւն ցուցաբերելու պատճառով։ Սուրբ Բարթողոմէոս նահատակուած է Մեծ Հայքի Աղբակ գաւառին մէջ (Վասպուրական նահանգ), որ այսօր բռնագրաւուած է Թուրքիոյ կողմէ։ Աղբակի հայ բնակչութիւնը, շուրջ 10.000 հոգի, բնաջնջուած է մեծաւ մասամբ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին։ Սակաւաթիւ վերապրողները հաստատուած են այժմու Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։
Բարթողոմէոս առաքեալի կենսապատումի վերաշարադրանքին նպատակը յստակ է, իսկ պատճառը՝ բացայայտ. լայնօրէն փորձուած թրքական աւանդութեամբ, մարդ կ՚իւրացնէ, կը խլէ, կը գողնայ կամ բռնի կ՚առնէ ինչ որ կ՚ուզէ եւ չունի։ Ատրպէյճան հրէշատիպ երկիր մըն է որ աճապարանօք քով-քովի բերուած է Իթթիհատի ցեղասպան խմբակին կողմէ 1918-ին՝ կեղծ պատմական աւանդութեան մը զօրակցութեամբ, որ ստեղծուած է խորհրդային օրերուն «պատմաբան» Զիա Բունիաթովի եւ իրեն նմաններու երեւակայութեան ուժով,։ Հետեւաբար, որկրամոլ մակաբոյծ մըն է, որ կը սնի ու կը գոյատեւէ հայոց պատմութենէն իւրացուցած իւրաքանչիւր տարրէն, իրեն պակսող պատմական աւանդութիւն մը կառուցելու համար։
Կարեւոր է յիշեցնել, որ Սուրբ Բարթողոմէոս նահատակուած ու թաղուած է Մեծ Հայքի Աղբակ գաւառին մէջ (Վասպուրական նահանգ)։
Ազգագրագէտ Հրանոյշ Խառատեան եւ քարտիսագէտ Ռուբէն Գալճեան ազդարարած են այն վտանգներուն մասին, որ կը բխին «Կասպից ծովու Հիւսիսային Գորէա»յի՝ Ատրպէյճանի այս նոր պատմական խեղաթիւրումէն։ (Ատրպէյճան երկրորդ ամենահին ժառանգական մենատիրութիւնն է Հիւսիսային Գորէայէն ետք, բայց նոյնքան կաշառակեր ու ոճրագործ, որքան Փիոնկեանկի իր պաշտօնակիցները)։ Այլապէս՝ նացի ղեկավար Կէօպէլսի սկզբունքը սուտերու կրկնութեան մասին պիտի ապահովէ, որ այսօրուան ատրպէյճանական բարբաջանքը վաղուան պատմական փաստը դառնայ։ Ասիկա չի կրնար անպատասխանի մնալ։