Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԽՈՐԷՆ ԱՐՔ. ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ (ծնունդ՝ 6 Սեպտեմբեր, 1831)

Խորէն Արք. Գալֆայեան, որ նաեւ ծանօթ է Նար-Պէյ գրական անունով, 19-րդ դարու երկրորդ կէսին գրական ու հանրային յայտնի անուն մը եղած է։

Ծնած է Կ. Պոլիս, 6 Սեպտեմբեր, 1831-ին։ Փոքր տարիքէն իր եղբօր՝ Ամբրոսիոս Գալֆայեանի հետ, ղրկուած է Վենետիկ, Մխիթարեան միաբանութեան Ս. Ղազար վանքը, ուր ստացած է իր կրթութիւնը։

Պաշտօնավարած է Մխիթարեաններու Փարիզի Մուրատեան վարժարանը։ 1855-1858-ին, ֆրանսական մայրաքաղաքին մէջ խմբագրած է «Մասեաց աղաւնի» ամսագիրը Գաբրիէլ Այվազովսկիի հետ։ 1856-ին հրաժարած է կաթոլիկ դաւանանքէն ու Մխիթարեան միաբանութենէն այլոց հետ ու դարձած ՝ Փարիզի «Հայկազեան» վարժարանի տնօրէն (1857-1859)։ Անձամբ ծանօթացած ու մտերմացած է ֆրանսացի մեծ բանաստեղծ Ալֆոնս տը Լամարթինի հետ, եւ ձեռնարկած է անոր բանաստեղծութիւններուն թարգմանութեան, զոր հրատարակած է «Դաշնակք Լամարթինեայ» (1859) խորագրով, գրաբարով։

 

«Հայկազեան» վարժարանի փակումէն ետք, վերադարձած է Պոլիս եւ ապա մեկնած՝ Թէոդոսիա (Խրիմ), ուր որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած է «Խալիպեան» վարժարանին մէջ եւ մասնակցած՝ Փարիզէն հոն փոխադրուած «Մասեաց աղաւնի» հանդէսի խմբագրական աշխատանքներուն։  Թեոդոսիոյ մէջ հրատարակած է շարք մը երկեր, ինչպէս՝ «Արշակ Բ.» ողբերգութիւնը (1861), «Ալաֆրանկա» կատակերգութիւնը (1862) եւ «Վարդենիք» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն (1863)։ Այնուհետեւ  մեկնած է Էջմիածին, ապա՝ Երուսաղէմ, ուր եպիսկոպոս ձեռնադրուած է 1867-ին։ Յետոյ անցած է Պոլիս, ուր ապրած է մինչեւ կեանքի վերջը։ Հրատարակած է բանաստեղծութիւններու երկու ուրիշ հատորներ՝ «Քնար պանդխտին» (1868) եւ «Ստուերք հայկականք» (1874)։

Նար Պէյ ունեցած է քաղաքական գործունէութիւն, մաս կազմած է Պերլինի համաժողովին մեկնած հայկական պատուիրակութեան՝ Խրիմեան Հայրիկի գլխաւորութեամբ (1878)։ Ասիկա կասկածելի եւ անվստահելի դարձուցած է զինք սուլթան Ապտիւլ Համիտի աչքին, որ նաեւ լրտես ու ռուսասէր նկատած է զինք, բայց յաջողած է հաւաստիք տալ անոր, թէ բոլոր կասկածները անհիմն էին եւ նոյնիսկ Օսմանիյէ շքանշանով մեծարուած է։ Տարիներ ետք, սակայն, փաստուած է, որ կապ կը պահէ ֆրանսացի քաղաքական դէմքերու հետ ու պետական գաղտնիքներ եւ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ անոնց։

4 Նոյեմբեր, 1892-ին, Խորէն Արք. Գալֆայեան ոստիկանական կեդրոն հրաւիրուած է Ապտիւլ Համիտի կարգադրութեամբ ու հրահանգով եւ հոն թունաւոր սուրճով սպաննուած։