Արմենակ Շահմուրատեան մեծ յաջողութիւն ունեցած է իբրեւ օփերային երգիչ Փարիզի մէջ, բայց աւելի յայտնի դարձած է իբրեւ Կոմիտաս Վարդապետի դպրոցի ամենէն նշանաւոր ներկայացուցչիներէն մէկը։
Ծնած է 7 Ապրիլ, 1878ին, Մուշի մէջ։ Ութ տարեկանին անդամակցած է եկեղեցւոյ երգչախումբին: Հօր մահէն ետք, մայրը նիւթապէս անկարող եղած է որդիին ուսումը ապահովելու։ Մշոյ թեմի առաջնորդ Ներսէս Եպս. Խարախանեան, նկատի ունենալով անոր ձայնի բնատուր եւ արտակարգ շնորհքը, զայն ուղարկած է Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի Ժառանգաւորաց դպրոցը, ուսում ստանալու համար։ Ապագայ երգիչը, չհաշտուելով եկեղեցւոյ անձուկ միջավայրին հետ, շատ չանցած վերադարձած է Մուշ։
Այս անգամ Խարախանեանի մեկենասութեամբ ու յանձնարարական նամակով Արմենակ Շահմուրատեան կը մեկնի Էջմիածին եւ կ’ընդունուի Գէորգեան ճեմարան, ուր երաժշտութեան ուսուցիչ եւ համբաւաւոր երգահան՝ Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի երգչախմուբին մեներգիչը կը դառնայ։ Շահմուրատեանի արտակարգ ձայնը եւ բարձրորակ կատարումը գրաւած են Կարա-Մուրզայի յաջորդ՝ երիտասարդ Կոմիտաս Վարդապետի ուշադրութիւնը, որ առանձնայատուկ հոգատարութիւն ցուցաբերած է պատանիին հանդէպ։ Շուրջ մէկ ու կէս տարի ան իր ձիրքը կատարելագործած է վարդապետի անմիջական հսկողութեամբ եւ մասնագիտական խորհուրդներով։ Շուտով զինք հեռացուցած են ճեմարանէն՝ այդ օրերու պահպանողական-յետադիմական գործելակերպին դէմ ուղղուած ուսանողական խռովութեան մասնակցելուն համար։ Սակայն, Խրիմեան Հայրիկի միջնորդութեամբ, ընդունուած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը, զոր աւարտած է 1896-ին։
Համիտեան ջարդերուն դէմ Թիֆլիսի հայութեան մէջ բողոքի ալիք մը բարձրացած է, որուն եռանդուն մասնակիցներէն մէկը դարձած է Շահմուրատեան։ Ցարական ոստիկանութիւնը ձերբակալած ու բանտարկած է զինք, եւ ապա յանձնած՝ թրքական կառավարութեան։ Բանտէ բանտ փոխադրուելով ան հասած է մինչեւ Կարս, ուր մնացած է ութ ամիս։ Շահմուրատեանի միակ սփոփանքը երգն էր, որով նուաճած է հսկիչներուն բարեացակամութիւնը եւ բախտակիցներուն սէրը։ Անոր երգը բանտի պատերէն դուրս թափանցած ու հասած է թուրք հիւպատոս Ֆուատ պէյին, որ իբրեւ «ազատ աքսորական» զայն ուղարկած է ծննդավայրը՝ Մուշ։ Հոն երկու տարի Ս. Կարապետի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ ուսուցչութիւն ընելէ ետք, Շահմուրատեան փոխադրուած է Կարին (Էրզրում), ուր չորս տարի տեղի երկսեռ վարժարանին մէջ դասաւանդած է երաժշտութիւն, հայոց լեզու ու հայ ժողովուրդի պատմութիւն եւ ղեկավարած՝ իր ստեղծած երգչախումբը։
Դպրոցի ղեկավարութեան միջնորդութեամբ, բուժման մեկնելու պատճառաբանութեամբ ձեռք բերած է լիբանանեան անձնագիր մը եւ ֆրանսական նաւով Լիբանանի փոխարէն մեկնած՝ Փարիզ (1904)։ Ֆրանսական մայրաքաղաքին մէջ մասնակցած է հայ մեծահարուստ Ալեքսանդր Մանթաշեանցի ծախսերով կառուցուած Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ օծման արարողութեան, ուր իբրեւ լաւագոյն երգիչ ճանչցուած է։ Փարիզի մէջ, աշակերտած է աշխարհահռչակ երգչուհի Փօլինա Վիարտոյին, որ սիրով յանձն առած է երկու տարի անվճար զբաղիլ անոր հետ։
27 Յունուար, 1911-ին, տեղի ունեցած է Շահմուրատեանի առաջին ելոյթը Շառլ Կունոյի «Ֆաուստ» օփերային մէջ, Ֆաուստի դերակատարումով։ Ներկայացումը, Փարիզի մամուլի եւ երաժշտասէր հասարակութեան պահանջով, հայ երգիչին մասնակցութեամբ կրկնուած է շուրջ մէկ ամիս։ Շահմուրատեան միաբերան համարուած է այդ օրերու Ֆրանսայի «ամենաթովիչ թենորը»։ 1912-1913 թուականներուն, համերգներով հանդէս եկած է Գահիրէի, Թիֆլիսի, Կ. Պոլսոյ եւ Պաքուի մէջ։
1914-ին, Շահմուրատեան տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ, եւ յաջորդող տարիներուն համերգներ տուած ամերիկեան մեծ քաղաքներու (Նիւ Եորք, Սան Ֆրանսիսքօ, Տիթրոյիթ, Ֆրէզնօ), նաեւ Եւրոպայի (Լոնտոն, Մանչեսթր, Պրիւքսէլ, Անվերս, Ժընեւ, Ցիւրիխ) ու Ասիոյ (Թեհրան, Պաղտատ, Կալկաթա) մէջ։ Աշխարհի մէջ թափառելէ յոգնած, վատառողջ ու նիւթապէս խիստ անապահով, Շահմուրատեան 1930-ին վերադարձած է Եւրոպա ու հաստատուած՝ Փարիզ:
1935-ին, Ամերիկայէն վերադարձին, յայտնաբերուած են հոգեկան խանգարումի առաջին նշանները։ 1938-ին տեղափոխուած է ապաքինարան։ 14 Սեպտեմբեր, 1939-ին, 61 տարեկան հասակին, իր մահկանացուն կնքած է Փարիզի արուարձաններէն Արքէոյի իր բնակարանին մէջ։ Թաղուած է տեղական գերեզմանատան մէջ։