Մեր ծուխերէն

ՀՄԸՄ-Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐԸ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

ՀՄԸՄ-ի Արեւելեան շրջանի սկաուտները ղեկավարութեան սեմինարի մը մասնակցեցան Ուոթըրթաունի մէջ Սեպտեմբեր 6-8-ին։ Կիրակի, 8 Սեպտեմբերին, անոնք ներկայ եղան Ս. Պատարագին Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս)։