Մեր ծուխերէն

«ԱՂ ԵՒ ԼՈՅՍ» ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՄԷՋ

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա) «Աղ եւ լոյս» երիտասարդական առաքելութեան խմբակը ձեռնարկած է իր նոր ծրագրին՝ «Մաս մեր երէցներուն համար»։ Ամէն շաբաթ, Ս. Պատարագէն ետք, պատանիները պիտի բաժնեն մասը եւ եկեղեցւոյ շաբաթական լրատուն այն երէց ծխականներուն, որոնք անկարող են եկեղեցի յաճախել։