ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ «ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ» ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ
Հինգշաբթի, 19 Սեպտեմբերի առաւօտուն, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց Լիբանանի «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն՝ տիար Սերոբ Օհանեանը։ Զրոյցը ընթացաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Պրն. Օհանեան մանրամասնօրէն ներկայացուց հաստատութեան ծառայութեան այժմու պատկերը, մանաւանդ՝ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապի այս օրերուն, որուն վրայ աւելցաւ նաեւ հաղորդակցութեան ելեկտրոնային միջոցներու խափանարար արարքներուն հետեւանքով նորանոր վիրաւորեալներու եւ անոնց ընտանիքներու հոգատարրութիւնը։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց հաստատութեան բոլորանուէր ծառայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց։