ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 10:1-12
Յիսուս հոնկէ ելլելով, եկաւ Հրէաստանի սահմանները, Յորդանան գետին դիմացի կողմը, եւ դարձեալ ժողովուրդը խռնուեցաւ իր շուրջ, եւ ինք իր սովորութեան համաձայն նորէն անոնց կ’ուսուցանէր:
Փարիսեցիները Յիսուսը փորձելու մտադրութեամբ մօտեցան անոր եւ հարցուցին.
– Մեր Օրէնքին համաձայն մէկը իրաւունք ունի՞ իր կինը արձակելու:
Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Մովսէս ի՞նչ օրէնք սահմանեց ձեզի:
Անոնք պատասխանեցին.
– Մովսէս մեզի արտօնութիւն տուաւ բաժանման թուղթ տալու կնոջ եւ արձակելու զայն:
Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Մովսէս ձեր խստասրտութեան պատճառով այդ օրէնքը սահմանեց: Սակայն սկիզբէն, արարածներու ստեղծագործութեան ժամանակ, Աստուած «արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը» եւ ըսաւ անոնց. «Այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»: Հետեւաբար այլեւս երկու չեն, այլ՝ մէկ մարմին: Արդ, ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք՝ որ Աստուած միացուց:
Տան մէջ աշակերտները դարձեալ նոյն նիւթին շուրջ հարցուցին Յիսուսի: Անիկա պատասխանեց.
– Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ՝ շնութիւն ըրած կ’ըլլայ առաջինին դէմ: Կինն ալ, եթէ իր ամուսինէն արձակուելէն ետք ուրիշի մը հետ ամուսնանայ՝ կը շնայ:
Բ. ՆԱՄԱԿ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 10:18-11:10
Իսկապէս ընտրուածը ան չէ՛ որ ինքզինք կը գովէ, այլ ան՝ որ Տիրոջ կողմէ կը գովուի:
Սակայն կը յուսամ քիչ մը ներողամիտ կ’ըլլաք, եթէ անմտօրէն ես ալ պարծենամ, ըրածներս յիշեցնելով ձեզի: Իսկ դուք համբերութեամբ լսեցէք:
Ես ձեզի հանդէպ Աստուծոյ նախանձախնդրութեամբ լեցուած՝ կ’ուզեմ որ միայն Քրիստոսը սիրէք, ինչպէս մաքուր կոյս մը որ իր սէրը կը վերապահէ անոր՝ որ իր ամուսինը պիտի ըլլայ: Բայց կը վախնամ որ ձեր միտքը ապականի եւ հեռանաք Քրիստոսի հանդէպ ամբողջական եւ մաքուր նուիրումէն, ճիշդ ինչպէս Եւան խաբուեցաւ օձին խորամանկ սուտերէն: Կը վախնամ որ նոյնքան դիւրութեամբ ընդունիք ո՛եւէ մէկը՝ որ մեր քարոզածէն տարբեր փրկիչ մը, ձեր ստացած Հոգիէն տարբեր հոգի մը, կամ ձեր ընդունած Աւետարանէն տարբեր աւետարան մը կը քարոզէ ձեզի:
Չեմ գիտեր թէ ես ձեր այդ նշանաւոր «առաքեալ»ներէն բանով մը ետ կը մնա՞մ: Թէպէտ ճարտար խօսող մը չեմ, բայց խօսածս գիտեմ: Եւ կարծեմ ատիկա ապացուցանեցի ձեզի ամէն ինչով: Արդեօք մե՞ղք գործեցի, որ Աստուծոյ Աւետարանը ձրիօրէն քարոզեցի ձեզի եւ ինքզինքս խոնարհեցուցի՝ ձեզ բարձրացնելու համար: Ձեւով մը միւս եկեղեցիները կողոպտած եղայ, ապրուստս անոնցմէ առնելով, որպէսզի ձեզի ծառայեմ ձրիօրէն: Ձեր քով եղած ատենս նոյնիսկ երբ կարիքի մէջ եղայ, ձեզմէ ոեւէ մէկուն բեռ չեղայ. Մակեդոնիայէն եկած եղբայրները հոգացին պէտքերս: Եւ ինչպէս անցեալին զգուշացայ, ասկէ ետք եւս ամէն կերպով պիտի զգուշանամ ձեզի բեռ ըլլալէ: Բայց Քրիստոսի ճշմարտութեամբը, որ իմ ներսիդիս է, կ’ըսեմ՝ թէ այս բաներով պիտի պարծենամ ամբողջ Աքայիայի մէջ, բոլորին պատմելով: