Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՏՕՆԱԽՄԲԵՑ ԻՐ 90-ԱՄԵԱԿԸ
Կիրակի, 15 Սեպտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուաշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց Ուստըր (Մէսէչուսէթս) եւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ 90-ամեակին առթիւ Ս. Պատարագ մատուցանեց։ Հայր Մերէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը 12 առաքեալներու նկարները օծեց Ս. Միւռոնով։ Քարոզին մէջ, ան նախ բացատրեց ընդհանրական եկեղեցւոյ մէջ սրբանկարներու գործածութեան սուրբ գրային հիմքը եւ ապա՝ զուգահեռ գծելով Խաչվերացի օրուան տօնին եւ առաքեալներու նկարներու սրբագործման միջեւ, ըսաւ, թէ ինչպէս Քրիստոս ինք իր խաչը կրեց, եւ իրեն հետեւող 12 առաքեալները, նոյնպէս մենք եւս՝ այսօրուան առաքեալները, երբ մեր խաչը կրենք ամբողջական գիտակցութեամբ, Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ կրնանք յաղթահարել կեանքի ամէն տեսակի մարտահրաւէրները։
Ս. Պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ 90ամեակի տօնախմբութիւնը։ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ տիար Կարօ Պեքիարեան, մեծ գոհունակութիւն յայտնեց համայնքի գործակցութեան համար։ Հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան, իր կարգին գնահատեց եկեղեցւոյ բոլոր մարմիններու գործունէութիւնը։ Սրբազան Հայրը, յանուն Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներուն, շնորհաւորեց գաղութի 90ամեակը, վեր բերելով բոլոր անոնց անսակարկ ծառայութիւնը, որոնք հիմնած էին եւ աշխատած էին անոր բարգաւաճման ի խնդիր եւ քաջալերեց ներկայ բոլոր հաւատացեալները, որ հոգեւոր հովիւին շուրջ բոլորուած, շարունակեն ամբողջական նուիրուածութեամբ ծառայել ի խնդիր գաղութի զարգացման եւ հզօրացման։
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս), Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս), Արժպ. Տ. Թադէոս Քհն. Բարսեղեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մէսէչուսէթս), տիար Ռիչըրտ Քանարեան՝ Ազգային Վարչութեան փոխատենապետ, եւ օր. Թամար Քանարեան՝ Ազգ. Վարչութեան ատենադպրուհի։