ԱՐԹՈՒՐ ՉԻԼԻՆԿԱՐՈՎ (ծնունդ՝ 25 Սեպտեմբեր, 1939)
Արթուր Չիլինկարով ռուսահայ բեւեռախոյզ, գիտնական եւ Ռուսաստանի Տումայի (Խորհրդարան) երկարամեայ փոխնախագահ եղած է։
Ծնած է 25 Սեպտեմբեր, 1939-ին, Լենինկրատի մէջ (ներկայիս՝ Ս. Փեթերսպուրկ)։ 1963 թուականին աւարտած է Լենինկրատի բարձրագոյն ճարտարագիտա-ծովային ուսումնարանը։ 1963-1965 թուականներուն աշխատած է Հիւսիսային եւ Հարաւային Բեւեռներու հիմնարկի Տիկսի աւանի աստղադիտարանին մէջ։ 1969-1971 թուականներուն «Հիւսիսային բեւեռ-19» եւ «Հիւսիսային բեւեռ-22» կայաններու պետ եղած է, իսկ 1971-1973 թուականներուն՝ վարած է Անթարթիքի «Պելինսհաուզէն» կայանը։ 1974-1992 թուականներուն ղեկավար պաշտօններ վարած է Խորհրդային Միութեան (ապա Ռուսաստանի) ջրօդերեւութաբանութեան պետական կոմիտէին մէջ, փոխնախագահ դառնալով 1986-1991-ին։
Անդամակցած է ռուսական եւ միջազգային զանազան կազմակերպութիւններու։ Հիմնական աշխատութիւնները նուիրուած են Արթիքի եւ Անթարթիքի իւրացման հարցերուն, հիւսիսային ցամաքամասի նաւագնացութեան նոր ձեւերու ներմուծման եւ այլ հարցերու։ Ստացած է ռուսական (Խորհրդային Միութեան հերոս՝ 1986ին, Ռուսաստանի հերոս՝ 2008ին, եւ այլն) եւ միջազգային բազմաթիւ պարգեւներ։ Արժանացած է Անանիա Շիրակացիի մետալին (2000) եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանին (2008), ինչպէս եւ Գիւմրիի պատուոյ քաղաքացիի տիտղոսին (2015)։ 2003-ին աշխարհագրական գիտութիւններու դոկտորի տիտղոսին արժանացած է, իսկ նոյն տարին ըտրուած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ։
Արթուր Չիլինգարով ընդգրկուած է Կինեսի մրցանիշերու գիրքին մէջ, քանի որ հանդիսացած է միակ բեւեռախոյզը, որ 2007-ին, 6 ամսուան ընթացքին, Երկրի երկու բեւեռները գտնուած է։
1993-2011-ին եւ 2016-2024-ին ռուսական պետական Տումայի պատգամաւոր եղած է, իսկ 1994-էն՝ փոխնախագահ։ Մահացած է 1 Յունիս, 2024-ին, Մոսկուայի մէջ։