Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՄԷՐԻԼԷՆՏԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 22 Սեպտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ Ս. Պատարագին Ս․ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ (Պէթէստա, Մէրիլէնտ)։ Պատարագեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Աքթաւուգեան։ «Հայր Մեր»էն առաջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Մաղթանքի արարողութիւն եւ օրհնուեցան Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ դրօշները, զորս խորան մատուցին ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու արենոյշները։

Սրբազան Հայրը, անդրադառնալով օրուան առաքելական նամակի պատգամի մէկ հատուածին, թէ ինչպէս Պօղոս Առաքեալ ինքզինք խոնարհեցուցած էր բարձրացնելու համար Կորնթոսի հաւատցեալները, բաժնելով անոնց հետ Աւետարանի բարի լուրը, յայտնեց, թէ կենսական է մեր անձնական, ընտանեկան, համայնքային, բայց մանաւանդ ազգային կեանքին մէջ զիրար բարձրացնելը, Աստուծոյ մեզի տուած բարիքները բաժնեկցելով, մանաւանդ պատմութեան ճակատագրական այս շրջանին։ Խաչի զոյգ տօներուն՝ Վերացման Սուրբ Խաչի եւ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօներուն միջեւ գտնուող այս Կիրակին, որ կը զուգադիպի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 33րդ տարեդարձին, հրամայական է որ Խաչի ոգին, որով արտայայտուեցաւ աստուածային անհուն սէրն ու զոհագործութիւնը, կարենանք մենք տառացիօրէն ապրիլ համագործակցութեամբ, որպէսզի մեզի ընծայուած անփոխարինելի նուէրը՝ հայրենիքի ազատութիւնը, պահպանենք որպէս երաշխիքը մեր ինքնութեան եւ փաստը մեր ինքնուրոյն դիրքին ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Սրբազան Հայրը ներկայ եղաւ Եկեղեցւոյ Տիկնանց եւ յարակից մարմիններու, ինչպէս նաեւ քոյր կազմակերպութեանց օժանդակութեամբ կազմակերպուած ուտելիքներու տօնավաճառին, քաջալերելով ամէնքին անսակարկ նուիրուածութիւնն եւ յանձնառութիւնը եկեղեցւոյ բարգաւաճման։