Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ԵՐԷՑԿԻՆ ՎԱԶԳԱՆՈՅՇ ՍԱՀԱԿԵԱՆ (10 Դեկտեմբեր, 1953 – 20 Սեպտեմբեր, 2024)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացան, որ Ուրբաթ, 20 Սեպտեմբերին, իր մահկանացուն կնքած է երէցկին Վազգանոյշ Սահակեան, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։ Թաղումը տեղի ունեցած է Երեքշաբթի,  24 Սեպտեմբերին։

Երէցկին Վազգանոյշ Սահակեան 43 տարիներ լծակից եղած է Արժպ. Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Սահակեանին, հոգեւոր անդաստանէն ներս անոր ծառայութեան նեցուկ ըլլալով Պուէնոս Այրէսէն (Արժանթին) մինչեւ Ուայկթընզվիլի (Մէսէչուսէթս) Ս. Աստուածածին եկեղեցի եւ Կլենվիւի (Իլինոյ) Ամենայն Սրբոց եկեղեցի։ Երէցկինը իր համեստութեամբ եւ հեզահամբոյր բնաւորութեամբ երբեք չէ սիրած լուսարձակի տակ ըլլալ, ընդհակառակը՝ նախընտրած է միշտ աշխատիլ լուռ կերպով։ Եկեղեցւոյ յարակից մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութեանց կեանքին մէջ իր մասնակցութիւնը բերած է։ Տէր Հօր հետ, ան միշտ քաջալերած է որ իր զաւակները իրենց ծառայութիւնը բերեն եկեղեցւոյ եւ համայնքի կեանքին մէջ։

Այս տխուր առիթով, Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Արժպ. Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Սահակեանին, իր զաւակներուն՝ Աբրահամին եւ Լեւոնին, եւ իր ընտանիքին, հայցելով Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւնը։ Բարձրեալն Աստուած թող հանգչեցնէ երէցկնոջ հոգին հանգչեցնէ իր լուսոյ խորաններուն մէջ։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։