Առաջնորդարանէն

«ՆԱՐԵԿ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԶԱՆԳԸ

Շաբաթ, 21 Սեպտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգով եւ դպրոցական քայլերգով Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ «Նարեկ» վարժարանի առաջին զանգը հնչեց:

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի օրհնութեամբ, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ եւ Կրօնական Ժողովի անդամ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն.  Լագիսեան, շնորհաւորեց ներկաները Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 33-րդ տարեդարձին առիթով եւ շատ գեղեցիկ կերպով բացատրեց փոքրիկներուն Հայաստանի անկախութիւնը, յիշելով նաեւ որ օր մը դարձեալ պիտի նշենք նաեւ Արցախի վերադարձը: Տէր Հայրը բերած էր շատ արժէքաւոր հրատարակութիւն մը՝ «Ձայն Արցախական», որ կը բովանդակէ Արցախի հայ գրողներու ոտանաւորներն ու պատմուածքները: Տէր Հայրը գիրքը յանձնեց դպրոցի տնօրէնուհիին եւ ապա բոլոր աշակերտները ստացան Սուրբ Հաղորդութիւնը:

Վարժարանիս տնօրէնութիւնը, Խնամակալ Մարմինը եւ ուսուցչակազմը  շնորհակալութիւն կը յայտնեն Տէր Մեսրոպին իր ներկայութեան եւ գեղեցիկ նուէրին համար: