Քիչ ծանօթ անուններ կան, որոնք պատմութեան շէնքը կառուցելու կոչուած վաւերագրումի գործը կը կատարեն։ Սարգիս Դարչինեան այդ աշխատանքը ստանձնած է՝ Վրաստանի հայութեան յուշարձաններու եւ պատմութեան պարագային։
Դարչինեան ծնած է 5 Սեպտեմբեր, 1947-ին, Թիֆլիսի մէջ։ Դպրոցէն շրջանաւարտ եղած է 1966ին, երբ նաեւ աւարտած է ուսումնարանի քանդակագործութեան բաժինը։ Յաջորդ տարին սկսած է ոսկերչութեան գործարանին մէջ իբրեւ նկարիչ եւ փորագրող։
Պատանեկութեան սկսած է զբաղիլ լուսանկարչութեամբ եւ աստիճանաբար մտած է փաստա-վաւերագրական լուսանկարչութեան մէջ, աշխատակցելով զանազան վրացական պարբերականներու։ 1970-ական թուականներուն սկիզբներուն, հանդիպած է թիֆլիսահայ յայտնի լուսանկարիչ Ալեքսանդր Արութիւնովին, որուն խորհուրդին հետեւելով, կեդրոնացած է պատմա-ճարտարապետական եւ քաղաքային տիպարներու լուսանկարչութեան վրայ։
Տարիներու ընթացքին, Դարչինեան ո՛չ միայն հաւաքած է Թիֆլիսի եւ Վրաստանի հայ համայնքի պատմութեան վերաբերեալ նիւթեր, այլ գործնական քայլերու դիմած է այդ ժառանգութիւնը փրկելու համար։ 1970-ական թուականներուն, շարժանիւով շրջագայած է Վրաստանի եւ Հայաստանի մէջ՝ Արութիւնովի հետ, հետազօտելով եւ լուսանկարներու շարքեր պատրաստելով։ 1979-ին ծանր արկածէ մը ետք, Դարչինեան այլեւս չէ կարողացած երկար ճամբորդութիւններ կատարել, եւ ինքզինք սահմանափակած է Թիֆլիսի միջավայրի լուսանկարչութեան եւ վաւերագրութեան։ Ուսումնասիրած է հայապատկան 12.000 անձնական տուներ եւ մանրակրկիտ փաստագրումը կատարած է վրացական մայրաքաղաքի երկու հայաշատ թաղամասերու՝ Սոլոլակի եւ Հաւլաբարի պատմութեան եւ ճարտարապետութեան։ Անոր մեծարժէք արխիւը հիմք ծառայած է բազմաթիւ յօդուածներու եւ գիրքերու։
Սարգիս Դարչինեան չէ սահմանափակած ինքզինք պատմական լուսանկարչութեան։ 1960-1980-ական թուականներու իր գործերուն մէջ յատկապէս, աշխատած է փաստագրել ամէնօրեայ կեանքը, դրսեւորելով իր գեղարուեստական կրթութիւնը եւ նուրբ զգայնութիւնը կեանքի անցողիկ պահերուն հանդէպ։ Որոշ կարօտաբաղձութեամբ այդ լուսանկարները հայրենի ընթերցողներու ուշադրութիւնը գրաւած են եւ յաճախ հրատարակուած՝ «Գարուն», «Սովետական Հայաստան» եւ այլ պարբերականներու մէջ։
Դարչինեան մահացած է 2 Հոկտեմբեր, 2013-ին, Թիֆլիսի մէջ, եւ թաղուած՝ հայ գրողներու եւ հանրային գործիչներու նուիրուած Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ։