ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԸ ԲԱՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԸ ՄԱՂԹԷ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ, ձախէն աջ՝ Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան եւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան
Արեւելեան Թեմին բոլոր ծուխերը ջերմօրէն կ՚ողջունեն եւ բարի գալուստ կը մաղթեն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ Ուրբաթ, 4 Հոկտեմբերին կը սկսի իր հովուապետական այցելութիւնը մեր Թեմի Նիւ Ինկլընտի եւ Միջին Ամերիկայի ծուխերուն։ Այս խառն ժամանակներուն, երբ Լիբանանն ու Միջին Արեւելքի, ինչպէս եւ Հայաստանը կը գտնուին նորանոր տագնապներու կիզակէտին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը կը մատուցանէ յոյսի, խաղաղութեան եւ հոգեւոր համակամութեան իր պատգամը։
Երեք շաբթուան այս հովուական այցելութիւնը պիտի ընդգրկէ հետեւեալ ծուխերը. Փրաւիտընս, Ինտիըն Օրչըրտ, Ուստըր, Ուայթընզվիլ, Ուոթըրթաուն եւ Նորթ Անտովըր (Մէսէչուսէթս), Կրանիթ Սիթի, Կլենվիւ եւ Ուոքիկըն (Իլինոյ), Ռէյսին (Ուիսքանսըն) եւ Տիրպորն (Միշիկըն)։ Այս այցելութիւնը շարունակութիւնն է Նորին Սրբութեան անցեալ տարուան յաջող ու վերանորոգիչ առաքելութեան Միջին-Ատլանտեան մեր ծուխերուն, ընդգծելով Վեհափառ Հայրապետի եւ ամերիկահայ համայնքի խոր կապերը։
Արամ Ա. Կաթողիկոսին կ՚ընկերակցին Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեանը՝ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչը, եւ գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանը, որ միջ-եկեղեցական եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութիւններու բաժանմունքի վարիչն է։
Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի մայրավանք պիտի վերադառնայ 24 Հոկտեմբերին։