ՆԻԿԻՈՅ ՀԱՆԳԱՆԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՌՑԱՆՑ ՇԱՐՔԸ ՍԿՍԱՒ
Չորեքշաբթի, 2 Հոկտեմբերին, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը սկիզբ տուաւ Նիկիոյ հանգանակի նուիրուած տասը մասերով առցանց ծրագրին, 95 մասնակիցներով։ Բաժանմունքի վարիչը՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան, համառօտ կերպով ներկայացուց Նիկիոյ հանգանակի պատմութիւնն ու ակունքները եւ շեշտը դրաւ Հայ Եկեղեցւոյ օգտագործած երեք հանգանակներուն վրայ։ Յառաջիկայ շաբաթներուն, Շանթ Ա. Սարկաւագ պիտի քննէ Նիկիոյ հանգանակի (Հաւատամք) բնագիրը՝ նախադասութիւն առ նախադասութիւն։ Հետաքրքրուողները տակաւին կրնան արձանագրուիլ (տե՛ս ծանուցումը ստորեւ)։