Մեր դպրոցներէն

«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ ԴԱՍԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՐԴԷՆ ՍԿՍԱԾ ԵՆ

«Սիամանթօ» լսարանի 2024-25 տարեշրջանի  դասաւանդութիւնները կը շարունակուին ամէն Շաբաթ օր առաւօտեան ժամը 10.30 – 12.30։  Աշակերտները առիթ  կ՚ունենան մեր լեզուն սորվելու եւ զարգացնելու հետեւելով  Հայկական Վիրտուալ Համալսարանի արդիական դասաւանդման մեթոտին, որուն  ուսուցչուհին է  տիկ. Լենա Նազարեանը։ Անոնք նաեւ առիթ կ՚ունենան  ծանօթանալու հայկական արուեստին (ուսուցիչ՝ պրն. Արթուր Աթայեան) եւ երաժշտութեան (ուսուցիչ՝ պրն. Րաֆֆի Ռշտունի)։ Այս դասապահերուն կողքին, աշակերտները  ամիսը անգամ մը առիթ կ՚ունենան հանդիպելու մասնագէտ դասախօսներու եւ սորվելու  այլազան նիւթերու մասին։

 

Թէեւ դասաւանդութիւնները սկսած են արդէն, սակայն տակաւին կ՚ընդունինք նոր աշակերտներ մասնակցելու այս շահեկան ծրագրին։ Կը քաջալերենք բոլոր պատանիները մասնակից դառնալու այս օգտաշատ ծրագրին։