ՔՐԻՍՏՈՍԻ 72 ՍՈՒՐԲ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ
Շաբաթ, 5 Հոկտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը տօնէ Քրիստոսի 72 սուրբ աշակերտներու յիշատակը։ Ղուկասու Աւետարանին մէջ (գլ. 10, համար 1) կը կարդանք հետեւեալը. «Այս դէպքէն ետք, Յիսուս եօթանասուներկու աշակերտներ եւս նշանակեց եւ զանոնք զոյգ-զոյգ իրմէ առաջ ղրկեց իր երթալիք բոլոր քաղաքներն ու շրջանները»: Կարգ մը աղբիւրներ կ՚ըսեն 72 աշակերտներ, իսկ ուրիշներ՝ 70։ Այս աշակերտները հաւատարիմ մնացին Տիրոջ ու իրենց կոչումին եւ նուիրուեցան Տիրոջ պատգամի տարածման։ Անոնք պատահականօրէն ընտրուած մարդիկ չէին, այլ՝ իսկական աշակերտներ, որոնց աշխատանքով Տիրոջ պատգամը տարածուեցաւ Հռոմէական Կայսրութեան երկայնքին եւ աւելի անդին։