Ամերիկահայ գիւտարար Լութեր Սիմճեան աւելի քան 200 արտօնագրեր (patent) արձանագրած է իր կեանքին ընթացքին եւ կատարած է բազմաթիւ գիւտեր, որոնցմէ մէկ քանին առեւտրական շրջանառութեան մէջ մտած են։
Լութեր Սիմճեան ծնած է 28 Յունուար, 1905-ին, Այնթապի մէջ (Կիլիկիա)։ Սիմճեան ընտանիքը տարագրուած է ցեղասպանութեան օրերուն։ Այնթապ վերադարձած են 1920-ին, սակայն Կիլիկիոյ պարպումին ժամանակ ապագայ գիւտարարին խորթ մայրն ու քոյրերը սպաննուած են Մարաշի մէջ։ Սիմճեան մազապուրծ փախած է Պէյրութ, այնուհետեւ՝ Մարսէյլ, իսկ նոյն տարուան վերջերուն գաղթած է Միացեալ Նահանգներ։ Հաստատուած է Նիւ Հէյվըն (Քընէթիքըթ), ուր երկրորդական ուսումը ստանալէ ետք աշխատանքի անցած է իբրեւ լուսանկարիչ Եէյլ համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ։ 1928-ին լուսանկարչական բաժանմունքի տնօրէն դարձած է եւ ստեղծած՝ քանի մը սարքեր, ինչպէս ինքնալուսանկարող սարք մը եւ ինքնիրեն կիզակէտ գտնող լուսանկարչական մեքենան։ 1934 թուականին տեղափոխուած է Նիւ Եորք։ 1939-ին ընկերութիւն մը հիմնած է իր գիւտերը արտադրելու եւ ծախելու համար։
Սիմճեան առեւտրական յաջողութիւն ունեցած է Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, երբ յայտնագործած է ռազմական թռիչքներ նմանակող մեքենան (simulator), որ կ՚օգտագործուէր ամերիկացի ռազմական օդաչուներու մարզումներուն մէջ, գնահատելու համար օդանաւերու արագութիւնն ու տարբեր յատկանիշներ։
1956-1963-ին աւելի քան 75 արտօնագրեր արձանագրած է, ինչ որ իր ամենէն բեղուն շրջանը եղած է։ 1939 թուականին իր մէջ ծնած է կանխիկ դրամ տրամադրող ինքնագործ սարքի (Automated Teller Machine, ATM) ստեղծման գաղափարը։ Հակառակ դրամատուներու թերահաւատութեան, մինչեւ 1960 թուականը արձանագրած է 20 արտօնագիր, կատարելագործելով սարքը, զոր կոչած է Bankograph, եւ հիմք ստեղծելով այսօրուան ինքնագործ սարքին համար։
Սիմճեան նաեւ տեսայուշիչի (teleprompter) արտօնագիր մը ունեցած է, թէեւ միակ գիւտարարը եղած չէ։ Ինք եւ Ճես Օփենհայմըր՝ “I Love Lucy” հեռատեսիլի յայտնի կատակերգութեան արտադրիչը, սկզբնական մեքենական գործիքը բարելաւած են ու փոխարինած՝ տեսողական տեսայուշիչով մը։
Տարիներու ընթացքին, բազմաթիւ ուրիշ գիւտեր կատարած է, եւ վերջին արտօնագիրը ստացած է Մարտ 1997ին, իր մահէն քանի մը ամիս առաջ։
Լութեր Սիմճեան մահացած է 23 Հոկտեմբեր, 1997-ին, Ֆորթ Լօտըրտէյլի մէջ (Ֆլորիտա)։