ՏԱՐՕՆ ԱՃԷՄՕՂԼՈՒ՝ ՆՈՊԷԼԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՅ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ
Ծնունդով պոլսահայ տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլու, որ 1993-էն Պոսթընի MIT-ի մէջ կը դասաւանդէ, ստացած է 2024-ի Նոպէլեան մրցանակը տնտեսագիտութեան մէջ, երկու ուրիշ ամերիկացիներու՝ Սայմըն Ճոնսընի եւ Ճէյմզ Ա. Ռոպինսընի հետ։ Երեք մասնագէտները կատարած են ռահվիրայական հետազօտութիւններ հանրային ընկերութիւններու դերին մասին՝ երկրի մը բարգաւաճումը ձեւաւորելու, ցոյց տալով, թէ ինչպէ՛ս ներառական հաստատութիւնները կը խրախուսեն աճը, մինչ արդիւնահանողները արգելք կ՚ըլլան անոր։ 2012-ին, Աճէմօղլու եւ Ռոպինսըն համահեղինակած են «Ինչո՞ւ ազգերը կը ձախողին» հանրահռչակ հատորը։ Շուէտական Գիտութիւններու Արքայական Ակադեմիան դրուատած է երեք տնտեսագէտներուն գործը, նշելով անոնց ունեցած դերը ազգերու միջեւ տնտեսական խորարմատ անհաւասարութիւններու բացատրութեան մէջ։
Տարօն Աճէմօղլու հայրը՝ Գէորգ Աճէմօղլու, փաստաբան եւ դասախօս էր, իսկ մայրը՝ պոլսահայ բանաստեղծուհի ու կրթական մշակ Իրմա Աճէմեան (1938-1990), տնօրէնուհի եղած է «Արամեան-Ունճեան» նախակրթարանին, ուր իր որդին յաճախած է։
Աճէմօղլու Նոպէլեան մրցանակը ստացող երկրորդ հայն է։ 2021-ին Արտեմ Փաթափութեան բժշկութեան Նոպէլեան մրցանակը շահած էր իր բեկումնային (groundbreaking) հետազօտութեան համար, թէ ինչպէս բջիջները կը զգան մեքենական խթանները։ Անոր յայտնագործումները յեղաշրջած են հպումի, ցաւի եւ ճնշումի մեքենականութիւններու ըմբռնումը։