Վեհափառ Հայրապետի ժամանումը Ուոթըրթաուն
Չորեքշաբթի, 9 Հոկտեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Պոսթըն, ուր դիմաւորուեցաւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն) հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի, հոգաբարձութեան եւ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ: Վեհափառ Հայրապետի շքախումբին մաս կը կազմէին Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արքեպիսկոպոս, եւ Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։
Հինգշաբթի, 10 Հոկտեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու Առաջնորդներուն հետ։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ վարժարաններուն օգնութեան, Նորին Սրբութեան գահակալութեան 30-ամեակի նշման՝ Հոկտեմբեր-Նոյեմբերին 2025-ին, երեք թեմերու միջեւ գործակցութեան սերտացման, մասնաւորաբար կրթական, հրատարակչական եւ ծիսական մարզերէն ներս, թեմերը նոր հոգեւոր հովիւներով օժտելու հրամայականին եւ այլ ծրագիրներու մասին: Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց մեր ժողովուրդին հոգեւոր, ընկերային ու կրթական կարիքներուն գծով կատարուած աշխատանքներուն։
Այնուհետեւ, Նորին Սրբութիւնը մեկնեցաւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցի։ Ան դիմաւորուեցաւ մեծաթիւ հաւատացեալներու, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան եւ համայնքի պատասխանատուներուն կողմէ: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն։ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս բարի գալուստ մաղթեց Հայրապետին եւ ընդգծեց Պոսթընի պատմական գաղութ ըլլալը եւ անոր ունեցած կարեւոր ներդրումն ու դերակատարութիւնը մեր Թեմի կեանքին մէջ։
Իր պատգամին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ ներկայութիւն եղած է ինչպէս մեր ժողովուրդի կեանքին առհասարակ, այնպէս ալ Պոսթընի հայ համայնքին մէջ: Անթիլիասը սոսկ վայր մը չէ, այլ ծառայութիւն ու առաքելութիւն է, ըսաւ Հայրապետը: Ապա, ան բացատրեց «Հայր մեր» աղօթքին «եկեսցէ արքայութիւն քո» նախադասութիւնը, յայտնելով, թէ Քրիստոս իր մարդեղութեամբ երկինքը մօտեցուց երկրին. ան երկիր գալով երկինքի արքայութիւնը բերաւ երկիր եւ մարդուն պարգեւեց արքայութեան մաս դառնալու շնորհքը: Վեհափառ Հայրապետը, անդրադառնալով ներկայ աշխարհի դժուարութիւններուն ու տագնապներուն, բաղդատական մը կատարեց, ըսելով, թէ աշխարհիկ թագաւորութիւններուն մէջ կան դժբախտութիւններ, անարդարութիւն եւ մեղք, մինչ Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ կան սրբութիւն, երջանկութիւն, սէր եւ արդարութիւն:
Աւարտին, հաւատացեալները աջահամբոյրով ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։
Միջ-եկեղեցական գործունէութիւն
Նոյն օրը, Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսի եւ ուղղափառ-անկլիքան երկխօսութեան յանձնաժողովի հրաւէրով, Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ յանձնաժողովի փակման նիստին, Պոսթընի Ս. Խաչ (Holy Cross) աստուածաբանական ճեմարանին մէջ, որ կը նշէր երկխօսութեան յիսնամեակը։ Հանդիսութեան ընթացքին, Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոս, խօսք առնելով, գնահատանքով արտայայտուեցաւ Նորին Սրբութեան մասին, զոր կը ճանչնայ միջ-եկեղեցական ժողովներէն։ Այնուհետեւ, խօսք առին յանձնաժողովի համա-ատենապետները եւ աստուածաբանական ճեմարանի տեսուչը:
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ միջ-եկեղեցական շարժումը լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ բազմաբեւեռ միջ-եկեղեցականութիւնը սկսած է նահանջել ու աստուածաբանական երկխօսութիւնները սկսած են առաւել լայն տեղ գրաւել: Նորին Սրբութիւնը պարզեց այս երեւոյթին դրդապատճառները եւ ապա շեշտեց աստուածաբանական երկխօսութիւնները նոր օրակարգով ու մօտեցումով շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետի կողքին ներկայ էին Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի տնօրէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։
Այցելութիւններ եւ հանդիպումներ
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հինգշաբթի, 10 Հոկտեմբերին այցելեց Ուոթըրթաունի Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանը, իսկ Շաբաթ, 12 Հոկտեմբերին՝ շաբաթօրեայ վարժարանը։ Երկու դպրոցներէն ներս, ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան կողմէ: Յիշեալ վարժարաններուն պատասխանատուները Նորին Սրբութեան զեկուցեցին վարժարանին գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Հայրապետը բարձր գնահատեց վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին նուիրումը եւ շեշտեց անոնց առաքելութեան կարեւորութիւնը: Ան յատկապէս ընդգծեց, որ հայ դպրոցին մէջ կը թրծուի հայկական ու քրիստոնէական ինքնութիւնը մանուկներուն մէջ։ Հետեւաբար, մեր ազգի ապագան կախեալ է հայ դպրոցէն: Աշակերտները փունջ մը ազգային երգեր հրամցուցին Հայրապետին եւ իր շքախումբին, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց անոնց կողմէ ուղղուած հարցումներուն:
Հինգշաբթի, 10 Հոկտեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ համայնքին մէջ գործող հայկական կառոյցներու ու մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Նորին Սրբութիւնը իւրաքանչիւր կազմակերպութեան պատասխանատուներէն ստացաւ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ, գնահատեց մարմիններուն կողմէ տարուող աշխատանքները, իր հայրական յորդորը տուաւ անոնց եւ շեշտեց համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը համայնքի կեանքին մէջ։
Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ այցելեց «Հայրենիք»ի շէնքը, ուր կը պահպանուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արխիւները։ Նորին Սրբութիւնը այցելեց կեդրոնի զանազան բաժանմունքները եւ ապա հանդիպում ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէին հետ: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի, Սփիւռքի եւ յատկապէս արեւելեան շրջանի առնչուած հարցերուն:
Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբերին, Նորին Սրբութիւնը այցելեց Համազգային Հայագիտական Միութեան (National Association for Armenian Studies and Research, NAASR) կեդրոնը, ուր ընդունուեցաւ միութեան տնօրէն Սիլվա Սեդրակեանի եւ անձնակազմին կողմէ: Անոնք Նորին Սրբութեան ներկայացուցին կեդրոնին առաքելութիւնը եւ պարզեցին յառաջիկայ ծրագիրները: Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց կեդրոնին կողմէ տարուող աշխատանքներուն համար եւ ընդգծեց Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանին եւ այս հաստատութեան միջեւ գործակցելու անհրաժեշտութիւնը: Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը միութեան նուիրեց Կաթողիկոսարանին կողմէ լոյս ընծայուած շարք մը կարեւոր հրատարակութիւններ։
Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ամերիկայի Հայկական Թանգարանը, ուր դիմաւորուեցաւ թանգարանի վարչութեան նախագահ Միշէլ Քոլիկեանի եւ վարչութեան անդամներուն կողմէ: Անոնք հակիրճ կերպով ներկայացուցին թանգարանն ու անոր առաքելութիւնը։ Թանգարանին մէջ կը գտնուի Կիլիկիայէն հասած եկեղեցական ու ազգապատկան իրեր, ինչպէս նաեւ Սուրբ Ստեփանոս նախավկային մասունքը: Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց տնօրէնութեան բծախնդիր աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց բոլոր ծրագիրներուն։
Այնուհետեւ, Արամ Ա. Կաթողիկոս ուղղուեցաւ հայկական ծերանոցը: Հոն դիմաւորուեցաւ կեդրոնի տնօրէն Ուէնտի Սէկրեսթի, վարչութեան ներկայացուցիչ Մանէ Ղազարեանի եւ պատասխանատուներու կողմէ: Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ եւ տարեցներուն ներկայութեամբ կատարուեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն, որուն աւարտին Վեհափառը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց տարեցներն ու անոնց բնակարանը։ Ան յատուկ հանդիպում ունեցաւ եւ իր օրհնութիւնը տուաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած Մարի Վարդանեանին: Ազգային ծերանոց այցելութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ կեդրոնի տարեցներուն, տնօրէնութեան եւ պատասխանատուներուն, բարձր գնահատելով անոնց նուիրեալ ու ազգային ծառայութիւնը:
Այցելութիւն՝ Նորթ Անտովըր
Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբերի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Լօուըլի (Մէսէչուսէթս) քաղաքապետարանի մուտքին Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթող-խաչքարին առջեւ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն: Խօսք առին կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները, Միտըլսեքս վարչաշրջանի շերիֆ՝ Փիթըր Գութուճեան, եւ Լօուըլի նախկին ու ներկայ քաղաքապետերը: Համայնքի ներկայացուցիչներու կողքին ներկայ էր յուշակոթողի արուեստագէտը՝ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանը։ Ներկայ քաղաքապետը՝ Փաթրիք Մըրֆի, ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը, անոր յանձնեց քաղաքի բանալին: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ յուշակոթողը մեր պատմութեան յուշարարը պիտի ըլլայ թէ՛ ներկայ եւ թէ՛ ապագայ սերունդներուն, ինչպէս նաեւ կոչ՝ յանուն արդարութեան պայքարի։
Այնուհետեւ, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Նորթ Անտովըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեանի, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, ծխականներու եւ օտար եկեղեցականներու կողմէ: «Հրաշափառ»ի արարողութենէն ետք, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ողջունեց Հայրապետին օրհնաբեր ներկայութիւնը Նորթ Անտովըրի մէջ։
Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին մէջ շեշտեց եկեղեցին Քրիստոստի խորհրդանշական մարմինը ըլլալու իրողութիւնը, ներկայացնելով մէկ ամբողջութիւն իր էութեամբ: Պատգամին յաջորդեց աջահամբոյր: Ապա, ի պատիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ։ Խօսք առին հոգեւոր հովիւը, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Ճօ Ալմասեան, Ազգային Վարչութեան փոխ-ատենապետը՝ Ռիչըրտ Քանարեան, եւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները երգի ու պարի ամփոփ յայտագիր մը ներկայացուցին։ Նորին Սրբութիւնը նուէր ստացաւ յուշակոթող-խաչքարին մանրապատճէնը։
Իր փակման խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ իւրայատկութեան: Ան իր աւանդութիւններով, աստուածաբանական մտածելակերպով, հայ ժողովուրդի կեանքին թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ հոգեւոր բնագաւառներէն ներս ունեցած եզակի դերակատարութեամբ կը պահէ իր ինքնուրոյն դիմագիծը, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը: Ան գնահատեց համայնքի կեանքին մասնակիցները եւ շեշտեց քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը ամերիկեան այս ափերուն վրայ յատկապէս։
Հանդիպում-զրոյց երիտասարդութեան հետ
Շաբաթ, 12 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում-զրոյց ունեցաւ Պոսթընի երիտասարդութեան հետ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Բարի գալուստի խօսք արտասանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան։ Բացման խօսքը կատարեց տիկ. Նայիրի Պալճեան-Պէլ։ Հանդիպումը հերթաբար վարեցին Նայիրի ու Քնար Գրաֆեանները եւ Անի Նալպանտեանը։ Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց երիտասարդներուն կողմէ իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն, որոնք առնչուած էին հայութեան, երիտասարդութեան, Սփիւռքի, Հայաստանի, մեր մշակոյթին եւ եկեղեցւոյ կեանքին։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց երիտասարդութեան հետ երկխօսութիւն ունենալու, զայն լսելու եւ հայ կեանքին մէջ աւելիով ներգրաւելու անհրաժեշտութիւնը։ Աւարտին, ան յիշեցուց, որ երիտասարդներուն տեղը մեր գաղութներու կեանքի լուսանցքին վրայ չէ եւ պէտք չէ ըլլայ։ Հայ երիտասարդը, առաւել քան երբեք, պարտաւորութիւն ունի համայնքի եւ եկեղեցական կեանքին մասնակից դառնալու, ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ. այսպիսով ան իր ազգային ինքնութիւնը պիտի ձեւաւորէ ու պատկանելիութիւնը արմատաւորէ, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը։
Հանդիպումը վերջացաւ եկեղեցական յատուկ արարողութեամբ։
Համերգ ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին
Նոյն օրը, երեկոյեան, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութեան նուիրուած դասական երաժշտութեան յատուկ համերգ մը տեղի ունեցաւ։ Սփրինկֆիլտի սիմֆոնիք նուագախումբի անդամներէ բաղկացած կազմը ղեկավարեց Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեան՝ Ինտիըն Օրչըրտի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Նուագախումբը մեկնաբանեց միջազգային եւ հայկական դասական գործեր: Համերգի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Տէր Հայրն ու նուագախումբի անդամները: Փակումը տեղի ունեցաւ «Կիլիկիա» օրհներգի կատարումով՝ ներկաներուն երգակցութեամբ։
Ս. Պատարագ ՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ
«Հոգեւորական ըլլալ կը նշանակէ ծառայել, եւ եկեղեցի ըլլալ կը նշանակէ ծառայական ներկայութիւն դառնալ հաւատացեալներու կեանքին մէջ»։ Այս շեշտադրումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր պատգամը տուաւ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Սուրբ Պատարագին, զոր մատուցեց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արքեպիսկոպոսի, Կիրակի, 13 Հոկտեմբերին:
Նախքան իր հոգեւոր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատանքով ողջունեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ հոգեւորականաց դասը, Ազգային Վարչութիւնը եւ հայ կեանքէն ներս գործող բոլոր կազմակերպութիւնները: Ապա անդրադարձաւ եկեղեցւոյ ու եկեղեցականին առաքելութեան, շեշտելով անոնց ծառայական ներդրումը համայնքի կեանքին մէջ, շեշտելով որ հոգեւորականին փառքը կը կայանայ ծառայութեան մէջ: Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը յատուկ գնահատանքով անդրադարձաւ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ նախկին հովիւ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանի յիսնամեայ ծառայութեան, ըսելով, թէ Տէր Հայրը իր ծառայական ոգիով ներշնչած է սերունդներ ու զանոնք պատրաստած՝ եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայութեան համար. ան իր առաքելութիւնը կատարած է խստապահանջութեամբ ու գիտակցութեամբ:
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին բնաբան ընտրած էր Յովհաննու Աւետարանին հետեւեալ տողը՝ «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յհ 14.6): Ան ըսաւ, թէ ճամբայ կը նշանակէ մեկնարկ, ընթացք եւ նպատակ: Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ Աւետարանը յստակ կերպով կը պարզէ, թէ Քրիստոս իր կեանքով ու հրաշքներով ցոյց տուաւ մարդը պայծառակերպող ճամբան: Այդ ճամբան կեանքի ու փրկութեան ճամբան է, եւ Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած անձը պէտք է քալէ անկէ: Ապա, անդրադառնալով մեր ազգին դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ան ըսաւ, թէ պատմութեան ընթացքին յաճախ խաւարը փորձած է տիրապետող ներկայութիւն դառնալ մեր կեանքին մէջ, սակայն Քրիստոսի հետքերէն քալելով, մենք կարողացած ենք խաւարը վանել մեր կեանքէն, յաղթել խաւարի տիրապետութեան եւ մեր կեանքը Քրիստոսով պայծառակերպել:
Ս. Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան, յատուկ թափօրով Ս. Ստեփանոս նախավկայի սրբազան մասունքը խորան բերելով յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին, որպէսզի օրհնէ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը։ Այս մասունքը, որ կը պահպանուի Ամերիկայի Հայկական Թանգարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութեան առիթով յատուկ կարգադրութեամբ բերուած էր եկեղեցի։
Ճաշկերոյթ եւ պարգեւատրում
Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք, Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Ճաշկերոյթի ընթացքին, յանուն եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, խօսք առաւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան: Ճաշկերոյթի ընթացքին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները հայերէն ասմունքի ու երգի հակիրճ յայտագիր մը ներկայացուցին:
Վեհափառ Հայրապետը, իր հայրական յորդորը ուղղելով ներկաներուն, ընդհանուր գիծերով ներկայացուց ժամանակակից աշխարհը, զայն բնորոշելով իբրեւ արմատական ու յեղափոխական փոփոխութիւններով լեցուն աշխարհ մը եւ խորհրդածելով անոր անդրադարձին մասին հայ կեանքին վրայ: Մասնաւորելով իր խօսքը Սփիւռքի ներկայ կացութեան շուրջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց Սփիւռքի վերակազմակերպումին հրամայականը՝ իր պատկերացումը ներկայացնելով չորս հիմնական կէտերու մէջ. ինքնութիւն, գաղութներու վերակազմակերպում, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան ամրապնդում եւ երիտասարդներու մասնակցութիւն հայ կեանքին մէջ:
Ճաշկերոյթի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Կիլիկեան Իշխանի եւ Իշխանուհիի շքանշանով պարգեւատրեց տէր եւ տիկ. Նուպար եւ Աննա Աֆէեանները: Պրն. Նուպար Աֆէեան խօսք առնելով, յիշեց իր անցեալը, Լիբանանը եւ Պոսթընի մէջ տարած աշխատանքը հայ կեանքէն ներս: Աֆէեան ամոլը բարերար հանդիսացած է Սուրբ Ստեփանոս վարժարանի մանկապարտէզին եւ զանազան պարտականութիւններ ստանձնած է գաղութէն ներս:
Ճաշկերոյթէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց պրն. Աֆէեանի այցելութիւնը: Երկար հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Սփիւռքի առնչուած շարք մը հարցեր: Պրն. Աֆէեան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց նպաստելու Սփիւռքի վերակազմակերպման առնչուած ծրագիրներուն կրթական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներէ ներս: