ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՏՆՕՐԷՆՆԵՐՈՒ ՄԻՕՐԵԱՅ ՍԵՄԻՆԱՐԸ
Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնական Խորհուրդի կազմակերպած տնօրէններու միօրեայ սեմինարը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 5 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին, տնօրէններու եւ հայրենաւանդ ուսուցիչներու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետուհի՝ տիկ. Հուրի Պոյամեանի, վարիչ տնօրէնուհի՝ տիկ. Հերա Մախուլեանի, եւ այլ անդամներու ներկայութեամբ։ Սոյն սեմինարը բաղկացած էր երկու մասերէ։ Առաջին բաժինը կ՚ընդգրկէր դասախօսութիւն մը, նիւթ ունենալով «Ինչպէ՞ս ստեղծել այնպիսի մշակոյթ մը հայ դպրոցէն ներս ուր շեշտուի հայերէնի կարեւորութիւնը», որուն դասախօսն էր տիկ. Անահիտ Կարմիրեան։ Տիկ. Կարմիրեան հետաքրքրաշարժ սահիկաշարով փոխանցեց իր գիտելիքներն ու փորձառութիւնները նշուած նիւթին վերաբերեալ եւ պատասխանեց տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն հարցումներուն։
Սեմինարի երկրորդ բաժինը տնօրէններու միջեւ խորհրդակցութիւն մըն էր դպրոցական ուսումնական ծրագիրներու, տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն դիմագրաւած դժուարութիւններու մասին, ինչպէս եւ բարելաւման առաջարկներ ներկայացնելու համար։ Իւրաքանչիւր տնօրէն խօսեցաւ իր պաշտօնավարած դպրոցի յաջողութիւններուն, դժուարութիւններուն եւ ակնկալութիւններուն մասին։ Սեմինարը յաջող եւ արդիւնաւէտ նկատուեցաւ ներկաներուն կողմէ։