ՏՈՔԹ. ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ Է ՔԱՂՑԿԵՂԻ ՀԵՏ ԿԱՊՈՒԱԾ ՆՈՐ ԳԻՒՏԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Տոքթ. Կարօ Արմէն, որ նախագահն ու գործադիր պաշտօնատարն է «Ակենուս» ընկերութեան, պարգեւատրուած է Համաշխարհային Նորարարութեան, Արհեստագիտութեան եւ Ծառայութիւններու Դաշինքի (WITSA) 2024-ի «Ականաւոր անձի մրցանակ»ով՝ քաղցկեղի հետ կապուած ռահվիրայական աշխատանքին համար։ 2017-ին, Ազգային Առաջնորդարանը տոքթ. Կարօ Արմէնը հռչակած էր «Տարուան մարդ» իր գիտական ու մարդասիրական աշխատանքներուն համար։