Տօներ

ԽԱՉԻ ԳԻՒՏԻ ՏՕՆԸ

Կիրակի, 27 Հոկտեմբերին, Հայց. Եկեղեցին Խաչի Գիւտի տօնը կը նշէ։ Կոստանդիանոս կայսեր բարեպաշտ մայրը՝ Հեղինէ, փափաքեցաւ Երուսաղէմ այցելել եւ Յիսուսի ոտք դրած վայրերուն ծանօթանալ։ Ըստ որոշ պատումներու, Յուդա անունով իրազեկ հրեայ մը ցոյց տուած է Գողգոթան, որ բոլորովին աննշան ու անտեսուած վայր մը դարձած էր։ Կայսերամօտ ցուցմունքին հետեւելով, պեղումներ կատարուեցան եւ երեք փայտեայ խաչեր գտնուեցան։ Բուն խաչը ճշդելու համար, երեք խաչերը իրերայաջորդ կերպով զետեղուեցան նոր մահացած երիտասարդի մը մարմնին վրայ։ Երիտասարդը վերակենդանացաւ անոնցմէ մէկուն շնորհիւ, ու այդպէս ճշդուեցաւ, որ ա՛յդ էր Տէրունական Խաչը։ Այս դէպքը կը յիշուի 26 Հոկտեմբերի ամենամօտ Կիրակի օրը, որ կրնայ տարուբերիլ 23 ու 29 Հոկտեմբերի միջեւ։

Խաչը, որ լայնօրէն տարածուած է մեր արուեստին մէջ, սքանչելի գործերու ստեղծումին առիթ հանդիսացած է։ Պատիժի ու մահուան երբեմնի միջոցը դարձած է փրկութեան ու յաղթանակի խորհրդանիշ։

Խաչի Գիւտին նուիրուած շարականին երկրորդ տունը կ՚ըսէ.

Անճառելի երեւումն երեւեալ դշխոյին, յատենի յԵրուսաղէմ խնդրէր զպատուական փայտ խաչին, յոր զՄեսիայն բեւեռեցին։
Մեծասաստ
հրամանաւն ժողովեալ հրէից, ցուցանելով նմա զպատուական փայտ խաչին, յոր ելեալ բարձրացաւ արարիչն արարածոց։
Ընդ
յայտնիլ սրբոյ խաչին ի տեղւոջն սրբութեան բուրմամբ անուշահոտ խնկոց, եւ լցան տիեզերք մեծապէս պարգեւօք։

(Անճառելի տեսիլ մը երեւնալով թագուհիին, Երուսաղէմի մէջ ատեան կազմած կը փնտռէր խաչափայտը, որուն վրայ Մեսիան գամեցին։
Մեծասաստ հրամանով հրեաները հաւաքուեցան, ցոյց տուին անոր պատուական խաչափայտը, որուն վրայ բարձրացուցին արարածները ստեղծողը։

Երբ սուրբ խաչը յայտնուեցաւ՝ սրբատեղին անուշահոտ խունկերու բուրմունքով եւ առատ շնորհքներով լեցուեցաւ տիեզերքը)։