Առաջնորդարանէն

ՄԵՍՐՈՊ ՔՀՆ. ԼԱԳԻՍԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԿԱԼԱՅԻՆ

Շաբաթ, 19 Հոկտեմբերին, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի արեւելեան շրջանի հիմնադրամը կազմակերպած էր 18-րդ տարեկան կալան, որ տեղի ունեցաւ Terrace on the Park-ի մէջ (Քուինզ, Նիւ Եոք)։ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, ներկայացուց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը, եւ կատարեց բացման աղօթքը։ Խօսք առնելով, Տէր Հայրը ողջունեց ներկաները Առաջնորդ Սրբազան Հօր անունով, յիշելով, թէ ան մաս կը կազմէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի շքախումբին՝ Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութեան առիթով։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ Դատի Յանձնախումբին, որուն վարչութիւնը, անձնակազմը, կամաւորներն ու նուիրատուները զայն դարձուցած են «իրաւանց պաշտպանութեան ամենէն արդիւնաւէտ կազմակերպութիւններէն մէկը Ուաշինկթընի մէջ»։