Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ
Կրանիթ Սիթի
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ԱՄՆ-ի Արեւելեան Թեմին շնորհած հովուապետական իր օրհնաբեր այցելութեան երկրորդ հանգրուանը աւարտեց այցելելով Միջին Ամերիկայի համայնքները։
Երեքշաբթի, 15 Հոկտեմբերին, Նորին Սրբութիւնը եւ իր շքախումբը Պոսթընէն ուղղուեցան Կրանիթ Սիթի (Իլինոյ)։ Վեհափառ Հայրապետը կատարած էր տեղւոյն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծումը 1997 թուականին։
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Դանիէլ Քհն. Մանճիկեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները, կիրակնօրեայ դպրոցի տեսչութիւնն ու աշակերտութիւնը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը, եկեղեցւոյ մուտքին ջերմօրէն դիմաւորեցին Նորին Սրբութիւնը։ Կատարուեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն, որուն մասնակցեցան շրջանի օտար եկեղեցականները եւս։
Արարողութեան աւարտին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեոիսկոպոս, հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը ուղղելու ժողովուրդին։ Անդրադառնալով այս եկեղեցւոյ օծումը կատարելուն, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ եկեղեցւոյ օծումով ժողովուրդն է որ կ՚օծուի, ան է որ եկեղեցին եկեղեցի կը դարձնէ: Ժողովուրդը եկեղեցի դառնալով պէտք է ինքզինք արժեւորէ որպէս եկեղեցի՝ մասնակցելով եկեղեցւոյ հաւաքական կեանքին ու վկայութեան: Իր խօսքը ներկայ օտար հոգեւորականներուն ուղղելով, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ անոնց ներկայութիւնը վկայութիւն մըն է, որ հակառակ պատմութեան ընթացքին եկեղեցւոյ կեանքին մէջ տեղի ունեցած բաժանումներուն, այսօր միջ-եկեղեցական շարժումին շնորհիւ եկեղեցիներ կը գործակցին, թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ, ու շեշտեց այդ գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու հրամայականը:
Վեհափառ Հայրապետին պատգամին յաջորդեց աջահամբոյր, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ընթրիք մը եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Խօսք առին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Սթիվըն Յակոբեան եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ գնդ. Արամ Սարաֆեան։ Հայր Ճոն Պրունէթ ընթերցեց Իլինոյ նահանգի Սփրինկֆիլտ քաղաքի կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդ Թոմըս Փափրաքիի նամակը։ Առաջնորդ Սրբազան հայրը, յաւուր պատշաճի իր խօսքէն ետք, հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը փակման խօսքը կատարելու: Վեհափառ Հայրապետը լուսարձակի տակ բերաւ համայնական կեանքին մէջ երիտասարդներուն ունենալիք դերակատարութիւնը, յայտնելով. «Երիտասարդութիւնը մեր կեանքի լուսանցքին վրայ չէ եւ պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ մայր էջին վրայ: Մենք պէտք է խօսի՛նք երիտասարդութեան հետ, լսե՛նք զինք, որովհետեւ ան ըսելիք ունի եւ աւելի ծանօթ է ժամանակակից աշխարհի պայմաններուն»: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն, որոնք առնչուած էին ընկերային ցանցերու ազդեցութեան, եկեղեցւոյ դերակատարութեան եւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին:
Ռէյսին
Ռէյսինի (Ուիսքանսըն) գաղութը խանդավարութեամբ ողջունեց Վեհափառ Հայրապետի այցելութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբերին։ Նորին Սրբութեան շքախումբին մաս կը կազմէին Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Գանատայի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս, գնդ. Արամ Սարաֆեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի տնօրէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։ Վեհափառ Հայրապետը Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ դիմաւորուեցաւ այցելու հովիւ՝ Արժպ. Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Սահակեանի, ծխականներուն, հոգեւոր շրջանի հայ հոգեւորականներուն ու հոգաբարձութեան կողմէ:
«Հրաշափառ»ի արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ, թէ Նորին Սրբութեան այցը, բառին հարազատ իմաստով, օրհնութիւն է իրենց ինքնութիւնը եկեղեցւոյ սուրբ յարկին տակ գտած հայ ազգի զաւակներուն համար, որ հոգեւոր վերանորոգութեան ու աշխուժութեան նոր էջ պիտի բանայ։
Նորին Սրբութիւնը իր հայրական պատգամին իբրեւ բնաբան ընտրեց սաղմոսերգուին հետեւեալ տողը. «Ուրախացայ, երբ ինծի ըսին.- Տիրոջ տունը երթանք» (122.1)։ Ան շեշտեց, որ եկեղեցին Աստուծոյ տունն է եւ ո՛չ թէ սոսկ շինութիւն: Թէեւ մեր ազգի զաւակները շինեցին այս տունը, սակայն Աստուա՛ծ է որ զանոնք կանչեց այս առաքելութեան: Մենք Աստուծոյ տան մէջ կերտեցինք մեր հոգեւոր ու ազգային ինքնութիւնը եւ դարձանք իսկական քրիստոնեաներ ու հարազատ հայեր: Աստուած այսօր մեզ կը հրաւիրէ իր տան մէջ իրեն հանդիպելու, որովհետեւ Ան մարդ արարածը կը սեպէ իր տան անդամը: Հետեւաբար, մենք իբրեւ Աստուծոյ ժողովուրդը, կոչուած ենք կառչած մնալու մեր եկեղեցիին՝ միշտ հաւատարիմ մնալով Աստուածաշունչին փոխանցած պատգամներուն ու արժէքներուն։
Աջահամբոյրէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին, կիրակնօրեայի աշակերտները ազգային-ժողովրդական երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը: Յաջորդաբար խօսք առին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Ճոն Պչագլեան, գնդ. Արամ Սարաֆեան եւ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս:
Փակման խօսքը ուղղեց Նորին Սրբութիւնը, ընդգծելով հայ համայնքին պատկանելիութեան հրամայականը եւ մարտահրաւէրը՝ անոր ոգին պահպանելու։
Շիքակօ
Ուրբաթ, 18 Հոկտեմբերին, ընդառաջելով Շիքակոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Օսքար Թաթոսեանի հրաւէրին, Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկերոյթին. ներկայ էին Ֆրեզնոյի մէջ պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան եւ Շիքակոյէն քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ ազգայիններ։ Յաջորդաբար խօսք առին պատուոյ հիւպատոսը, Կլենվիւի (Իլինոյ) Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան եւ այլ հիւրեր, որոնք կեդրոնացան Հայրապետին հովուապետական բազմաբեղուն գործունէութեան վրայ, ինչպէս նաեւ լայն տեղ տուին Դպրեվանքին մէջ կատարուող հոգեմտաւոր առաքելութեան։ Ցուցադրուեցաւ Դպրեվանքի առօրեային առնչուած կարճ տեսերիզ մը։
Ճաշկերոյթի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր եզրափակիչ խօսքը արտասանեց։ Ան լուսարձակի տակ բերաւ մեր ինքնութիւնը հայկական աւանդութիւններով եւ արժէքներով պահելու կարեւորութիւնը, մասնաւորաբար Ամերիկայի մէջ, ինչպէս եւ Դպրեվանքի կարեւոր առաքելութիւնը։ Ան յայտնեց, թէ Դպրեվանքը Սփիւռքի այն կեդրոնն է, ուր կը պատրաստուին այնպիսի հոգեւորականներ, որոնց նպատակն է ծառայել Աստուծոյ, եկեղեցւոյ ու ազգին, եւ թէ անոր զօրավիգ կանգնիլ կը սատարէ այդ նպատակին։
Նոյն օրը երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը եւ իրեն ընկերացող շքախումբը ուղղուեցան Ամենայն Սրբոց եկեղեցի: Մուտքին հացի ու աղի օրհնութենէն ետք, Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեանի գլխաւորութեամբ, հաւատացեալները, եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը եւ ազգայինները դիմաւորեցին Նորին Սրբութիւնը:
«Հրաշափառ»ի արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստի խօսք արտասանեց: Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, կեդրոնանալով ընտանիքի հարազատ հասկացողութեան վրայ: Ան յայտնեց, թէ ընտանիքը ազգի մը կենսունակութեան ու առողջութեան հիմքն է. անիկա իր բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներով ազգին սիւնը կը հանդիսանայ: Քրիստոնէական պրիսմակէն ընտանիքի հասկացողութիւնը ներկայացնելով, ան ընդգծեց, թէ ընտանիքի հիմնադիրը Աստուած ինք է: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ քրիստոնէական իսկական ընտանիքը եկեղեցւոյ մէջ, Աստուծոյ ներկայութեան եւ մեր եկեղեցւոյ պսակի խորհուրդով օրհնուած ընտանիքն է: Հետեւաբար, ընտանիքը երկու անհատներու միջեւ համաձայնութիւն մը կամ ուխտի մը կնքումը չէ պարզապէս, այլ Աստուծոյ կողմէ հաստատուած ու Անոր ներկայութիւնը վայելող սուրբ կառոյց մը:
Շաբաթ, 19 Հոկտեմբերին, Նորին Սուրբ Օծութիւնը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ եկեղեցւոյ յարակից մարմիններուն, քոյր կազմակերպութիւններուն, երիտասարդութեան եւ «Դանիէլ Վարուժան» շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտութեան հետ։
Կազմակերպութիւններու ու մարմիններու հետ տեսակցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ առաւելաբար շեշտեց համայնքի կեանքին վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման համար համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը։ Ան ըսաւ, թէ քոյր կազմակերպութիւն ըլլալ կը նշանակէ մէկ ընտանիքի անդամ ըլլալ եւ գործել ի նպաստ համայնքի շահերուն։
Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուցին։ Վարժարանի տնօրէն Ժաքլին Փափազեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք՝ Նորին Սրբութիւնը առիթ տուաւ, որ աշակերտները հարցումներ ուղղեն իրեն։
Նոյն սրահին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ երիտասարդներուն հետ։ Պատասխանելով անոնց կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն, որոնք առնչուած էին հայութեան, երիտասարդութեան, Սփիւռքին, Հայաստանին, մեր մշակոյթին եւ եկեղեցւոյ կեանքին, ան ընդգծեց երիտասարդութեան հետ երկխօսութիւն ունենալու, համայնքի կեանքին մէջ անոնց լայն կարելիութիւններ ու պատասխանատուութիւններ տալու անհրաժեշտութիւնը։
Երեկոյեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք, որուն մասնակցեցան շուրջ երկու հարիւր ծխականներ: Ընթրիքին բացման խօսքր կատարեց Թալին Արթինեան: Ապա, հերթաբար խօսք առին հոգաբարձութեան ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեան, հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ գնդ. Արամ Սարաֆեան եւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ յատուկ կերպով անդրադարձաւ Նորին Սրբութեան հովուապետի նկարագրին: Ան ըսաւ, թէ Անթիլիասը մեզմէ մղոններով հեռու կրնայ ըլլալ, սակայն իր ծառայական առաքելութեամբ միշտ ներկայ է ամերիկահայութեան կեանքին մէջ:
Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր հայրական խօսքը ուղղեց ներկաներուն, յայտնելով, թէ համայնքը անշարժ իրականութիւն մը չէ, որուն մէջ կեդրոնական դիրքը կը գրաւէ եկեղեցին: Ան շեշտեց համայնքի կեանքը վերաշխուժացնող, վերանորոգող ու հզօրացնող չորս հիմնական գործօններ՝ ներդաշնակութիւն, գործակցութիւն, ամբողջականութիւն եւ հաշուետուութիւն: Ան աւելցուց, թէ եկեղեցին սոսկ կառոյց մը չէ, այլ ժողովուրդին կեանքը փոխակերպող ու պայծառակերպող առաքելութիւն էռ եւ ընդգծեց համայնքի կեանքին մէջ երիտասարդութեան մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Իր խօսքի եզրափակիչ բաժնին մէջ, ան կարեւորութեամբ խօսեցաւ նոր սերունդներու դաստիարակութեան ու կազմաւորման եւ մեր ինքնութիւնը կազմաւորող ազդակներու պահպանման մասին։
Կիրակի, 20 Հոկտեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ս. Պատարագ մատուցեց Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ, առընթերակայութեամբ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի եւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի։
Ս. Պատարագի ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց։ Ան, հիմնուելով Քրիստոսի «ես եմ կեանքի հացը» (Յհ 6.35) խօսքին վրայ՝ ըսաւ, որ մեր Տէրը Իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին Ինքզինք նոյնացուց մարդկային կեանքի ամէնէն յատկանշական երեւոյթներուն հետ եւ Ինքզինք կոչեց իսկական ճամբան, կեանքը, ճշմարտութիւնը, լոյսը եւ հացը:: Մարդը իր ֆիզիքական կեանքին համար կարիքը ունի նիւթեղէն հացի: Քրիստոս, երբ ըսաւ, թէ Ի՛նքն է կեանքի հացը, ակնարկեց անոր հոգեւոր իմաստին: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ Քրիստոս-հացը մեր կեանքին մէջ կրնանք ունենալ մասնակցելով Ս. Պատարագին, ուր Քրիստոս Իր մարմինը կ՚ընծայէ մեր մեղքերու թողութեան համար, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ մնալով Աստուածաշունչին փոխանցած արժէքներուն: Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց բաժնեկցելու կարեւորութիւնը՝ ըսելով, որ Քրիստոս-հացը ունենալ կը նշանակէ մեր ունեցածը բաժնել ու կիսել մեր նմանին հետ:
Սուրբ Պատարագէն անմիջապէս ետք, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, եկեղեցւոյ 80-ամեակին առիթով բարձրացուած խաչքարի օրհնութեան կարգ կատարուեցա։ Բարերարներն են տէր եւ տիկ. Տէյվիտ եւ Սիւզըն Չթճեան Էրիքսըն, տէր եւ տիկ. Թոտ եւ Սիւզի Պողիկեան Եարոշիկ եւ տէր եւ տիկ. Սքոթ եւ Քաթի Սթանոփուլոս Վոլփի։
Ուոքիկըն
Ուոքիկընի (Իլինոյ) համայնքը դիմաւորեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը Երկուշաբթի, 21 Հոկտեմբերին: Նորին Սրբութիւնը առաջին կաթողիկոսն է, որ օրհնաբեր այցելութիւն կը շնորհէ Ուոքիկըն, ուր կը գործէ Ս. Պօղոս եկեղեցին:
Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ հաւատացեալներու, հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Տարոն Ա. Քհն. Ստեփանեանի եւ դպրաց դասին կողմէ: «Հրաշափառ»ի արարողութեան աւարտին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս խօսք առաւ եւ նշեց, թէ Ուոքիկըն Թեմի ամենափոքր գաղութն է, սակայն հարազատօրէն պահած է իր հայկական ինքնութիւնն ու ժառանգութիւնը:
Արամ Ա. Կաթողիկոս իր պատգամին մէջ պարզեց եկեղեցի ըլլալու պայմանները: Ան իր խօսքը հիմնաւորելով Քրիստոսի «ուր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին իմ անունովս, ես հոն եմ» (Մտ 18.20) խօսքին վրայ, ըսաւ, թէ ր հոն ուր Քրիստոս ներկայ է, այնտեղ կը վերածուի եկեղեցւոյ, իսկ համախմբուած հաւատացեալները կը վերածուին Աստուծոյ ժողովուրդին: Քրիստոսի խորհրդական մարմինն է եկեղեցին, եւ մենք եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան մասնակից դառնալով, մասնակցած կ՚ըլլանք Քրիստոսի մարդեղութեան, չարչարանքներուն, խաչելութեան եւ հրաշափառ յարութեան։ Ան շեշտեց, որ փոքր կամ մեծ, հարուստ կամ աղքատ եկեղեցի չկայ. կայ մէ՛կ եկեղեցի, Քրիստոսի՛ եկեղեցին, որուն իսկական անդամները կը դառնանք մասնակցելով անոր առաքելութեան ու սուրբ խորհուրդներուն: Իր պատգամին երկրորդ բաժնին մէջ Նորին Սուրբ Օծութիւնը անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ ու անոր արժէքներուն կառչած մնալու կարեւորութեան:
Պատգամէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, եւ ապա հաւաքական ընթրիք։ Խօսք առին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութեան ատենապետ տիկ. Ալթա Միքայէլեան եւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Եկեղեցւոյ փոքրիկ դպիրները ներկայացուցին կոկիկ յայտագիր մը:
Վեհափառ Հայրապետը իր եզրափակիչ օրհնութեան խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ ծխականները, քահանայ հայրը եւ հոգաբարձութեան անդամները՝ մեր եկեղեցւոյ ու հայ ինքնութեան պահպանութեան նկատմամբ անոնց ցուցաբերած նախանձախնդրութեան համար:
Տիթրոյիթ