Այսօր, 24 Հոկտեմբերին, աւարտեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին հովուապետական շնորհաբեր այցելութիւնը, որպէս ամբողջացում անցեալ տարուան այցին, նշանաբան ունենալով «Զօրաւոր Հաւատք՝ Ամուր Գաղութներ եւ Ամուր Ազգ»։
Յատկանշական հինգ կէտերով կ՛ուզեմ բնորոշել այս այցելութիւնը․
Առաջին․ Ամերիկեան ցամաքամասին վրայ ապրող մեր ժողովուրդը անգամ մը եւս համոզուեցաւ որ Մեծի Տանն Կիիկիոյ Կաթողիկոսարանը Լիբանանի մէջ հաստատուած ըլլալով հանդերձ, անոր գահակալը հոգեւոր հայրն է Միջին Արեւելքէն մինչեւ Եւրոպա եւ Ամերիկա մերազնեայ ժողովուրդի զաւակներուն, եւ անոր սիրտը կը տրոփէ անխտիր, հոն ուր ծառայութեան կարիքը կայ։ Այս շրջագծէն ներս, յայտնեմ շատ դիպուկ պարագայ մը, այն, թէ ինչպէս որ ծնող մը անխտիր խնամք կը տածէ իր զաւակներուն հանդէպ, նմանապէս Վեհափառ Հայրապետի այցելութիւնը մեծ ու փոքր, մօտակայ կամ հեռակայ բոլոր գաղութներուն, անզուգական ոգեւորութիւն ստեղծեց եւ խոր վստահութիւն, թէ հաւասարապէս կը վայելեն Սուրբ Աթոռին եւ անոր Գահակալ Հայրապետին հոգատարութիւնը։
Երկրորդ. Լիբանանի ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն Նորին Սրբութիւնը Ամերիկա գտնուելով, քաղաքական շրջանակներու, նաեւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ լուսարձակի տակ բերաւ Մայրիներու երկրին եզակիութիւնը, ընդհանրապէս, եւ մեր տառապող ազգակիցներուն օժանդակութեան հասնելու հրամայականը, ի մասնաւորի։
Երրորդ. Այս այցելութիւնը հոյակապ առիթ հանդիսացաւ, որ օտար շրջանակներու մէջ, եկեղեցական թէ աշխարհական ղեկավարներ աւելի լաւ ճանչնան Հայ Եկեղեցին եւ անոր առաքելութիւնը, համայն ընկերութեան բարօրութեան ի խնդիր։
Չորրորդ. Վեհափառ Հայրապետը արդի ընկերութեան ծնունդ տուած ընկերային, բարոյագիտական եւ այլ կարգ մը վատառողջ հոսանքներուն դիմաց, անգամ մը եւս ջրդեղեց հայ ընտանիքի եւ քրիստոնէական արժէքներու հրամայականը, որպէս աստուածադիր հիմերը մարդկութեան ստեղծագործ յառաջդիմութեան։
Հինգերորդ. Այս բոլորի կողքին՝ հովուապետական սոյն այցելութիւնը յատկանշող երեւոյթ մը եղաւ այն, որ Վեհափառ Հայրապետը ո՛չ միայն իր պատգամներուն, քարոզներուն եւ խօսքերուն մէջ նոր աւիւն բերաւ եւ գօտեպնդեց մեր ժողովուրդի հաւատքը եւ ինքնութիւնը, այլ նաեւ, իր բոլոր այցելութիւններուն ընթացքին, երկխօսութեան առիթ ստեղծեց, ցոյց տալով ժողովուրդի բոլոր սերունդներուն՝ պատանիներուն, երիտասարդներուն եւ տարեցներուն, որ ինք եւս կը սիրէ լսել ժողովուրդի ձայնը, զայն օգտագործելով որպէս դրական մղիչ ոյժ մը իր ծառայութեան մէջ։
Այս առթիւ, յանուն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի մեծ ընտանիքին, անգամ մը եւս որդիական մեր խորազգաց երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Նորին Սրբութեան, մաղթելով իրեն արեւշատ եւ բազմաբեղուն գործունէութիւն ի պատիւ եւ յառաջդիմութիւն Հայ Եկեղեցւոյ ու ազգին, եւ ի փառս Ամենակալին Աստուծոյ։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ, ԱՄՆ-ի Արեւելեան Թեմին