Սուրբեր

Ս. ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ

Հինգշաբթի, 31 Հոկտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Ս. Յովհան Ոսկեբերանի տօնը։ Ոսկեբերան Պատրիարքը, որ իբրեւ սուրբ ճանչցուած է Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կողմէ, նշանաւոր էր իր պերճախօսութեամբ, ուրկէ կու գայ անոր Ոսկեբերան անուանումը։ Ոսկեբերան հռչակուած է Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ՝ 451 թուականի Քաղկեդոնի ժողովին, եւ քարոզիչներու հովանաւոր դասուած՝ Հռոմի Պիոս Ժ. Պապին կողմէ, անցեալ դարուն:

Ոսկեբերան 21 տարեկանին քրիստոնէութիւնը ընդունած է 368 թուականին։ Հրաժարած է մեծ ժառանգութենէ եւ խոստմնալից իրաւաբանական ասպարէզէ, քաշուելով լեռնային քարանձաւ մը՝ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու։ Եկեղեցական ձեռնադրուելէ ետք, անոր քարոզները մեծ թիւով ունկնդիրներ հրապուրած են։ Քննադատած է այն հարուստ քրիստոնեաները, որոնք պարզապէս թանկագին իրեր կը նուիրէին՝ եկեղեցիներու մէջ ցուցադրուելու համար։

Յովհան Ոսկեբերանի սուր քննադատութիւնները՝ կայսերական պալատի անձնաւորութեանց ուղղուած, պատճառ եղած են, որ ան աքսորուի։ Դէպի Կոկիսոն ճամբուն վրայ, անցած է Հայաստանէն։ Անոր խօսքն ու գործը խոր ազդեցութիւն ունեցած են Հայց. Եկեղեցւոյ վարդապետութեան ու աստուածաբանութեան վրայ։ Ոսկեբերանի քանի մը կարեւոր գործեր մեզի հասած են միայն հայերէն թարգմանութեամբ: