ԻՏԱԼԱՀԱՅ ԳՐԱԳԻՏՈՒՀԻ ԱՆԹՈՆԻԱ ԱՐՍԼԱՆ ՍՏԱՑԱՒ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆԸ
Չորեքշաբթի, 30 Հոկտեմբերին, Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մտերմիկ շրջանակի մէջ, տեղի ունեցաւ մեծարանք մը իտալահայ յայտնի գրագէտ, գրականագէտ ու թարգմանիչ Անթոնիա Արսլանի ի պատիւ, իտալացի եւ հայ հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ։ Ներկայ էին Հայաստանի ՄԱԿ-ի դեսպանատունէն եւ Նիւ Եորքի մէջ Իտալիոյ հիւպատոսարանէն ներկայացուցիչներ։
Բացման խօսքը կատարեց Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։ Այնուհետեւ, Մանհաթընվիլ գոլէճի փիլիսոփայութեան ամպիոնի վարիչ՝ փրոֆ. Շըպան Նաշ-Մառշալ, ներկայացուց մեծարեալը եւ կարդաց Արցախին նուիրուած անոր մէկ բանաստեղծութիւնը։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, յայտարարեց, թէ Մշակոյթի ամսուան առիթով, տիկ. Արսլանի գրական, գիտական եւ հանրային գործունէութիւնը գնահատելով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս զինք պարգեւատած է «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով։ Սրբազան Հայրը ընթերցեց կոնդակի անգլերէն թարգմանութիւնը եւ շքանշաով զարդարեց անոր կուրծքը։ Վեհափառ Հայրապետը կոնդակին մէջ ի մասնաւորի ըսած է.
«… Երկար տարիներու վրայ ծաւալած ձեր գրական-գիտական վաստակը պերճախօս վկայութիւն մըն է, որ դուք, միշտ հաւատարիմ Ձեր պապենական արմատներուն, Ձեր աստուածատուր շնորհն ու կարողութիւնները ի սպաս դրած էք, ու կը շարունակէք դնել, լուսարձակի տակ բերելու հայ ժողովուրդի պատմութեան թաքուն ու վաւերական ծալքերը։ Բազում հեղինակութիւններու ու թարգմանութիւններու կողքին, Ձեր ստորագրութեամբ լոյս տեսած «Արտոյտներու ագարակը» հատորը ինքնին խտացումն է, եւ միանգամայն՝ «անլռելի զանգակատուն» մը, աշխարհացրիւ բազմահազար հայ ընտանիքներու ապրած ոդիսականին»։
Շքանշանի տուչութենէն եւ տիկ. Արսլանի շնորհակալական խօսքէն ետք, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը։