ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՔՀՆ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ԳԻՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 27 Հոկտեմբերին, յաւարտ Ս. Պատարագի, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին կազմակերպած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվէնիա) պատուակալ հովիւ՝ Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանի «Հայ Եկեղեցւոյ որոշ խորհուրդներու եւ հինգ տաղաւար տօներու աւանդութիւններ» երկլեզու հատորին ներկայացումը, նախագահութեամբ՝ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։
Հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսանը, որ ներկայացնէ հեղինակն ու անոր գործը։ Ան գնահատեց Տէր Ներսէսի նուիրումով, յայտնելով, թէ «գիրքն ու գրիչը, գրութիւնն ու գրականութիւնը, դասախօսութիւնը եւ ուսուցումը մնայուն ներկայութիւն եղած են Տէր Հօր հովուական ծառայութեան մէջ, աւելի խորութիւն եւ արժէք բերելով անոր կեանքի գործին»։
Հեղինակը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Տ. Մեսրոպին եւ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան այս ձեռնարկի կազմակերպութեան համար եւ սիրով յիշեց Դպրեվանքի իր ուսուցիչները, վեր հանելով անոնց դերը իր մտաւորական ու հոգեւոր կազմաւորման մէջ։ Ան նշեց, թէ անոնց հաւատքն ու տեսլականը ներշնչեցին սերունդներ դասարաններէն անդին։
Երգչուհի Յասմիկ Մէյխանէճեան ապրումով մեկնաբանեց Սրբոց Թարգմանչաց նուիրուած «Որք զարդարեցին» շարականը։
Փակման իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանը եւ յայտնեց, թէ գիրքը եզակի տեղ ունի հովուական ծառայութեան գրականութեան մէջ։ Յոյս յայտնեց, թէ հոգեւորականներ նոյն ձեւով հովուական իրենց փորձառութիւնը գրի կ՚անցընեն ի հարստացում մեր ժողովուրդի գիտութեան։