Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇԵՇՏԵՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԱՐԶԻՆ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ
Կրթութիւնը եւ հայեցի դաստիարակութիւնը միշտ առաջնահերթ կարեւորութիւն ներկայացուցած են Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին համար: Արդարեւ, մեր թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը հոգեւոր թէ աշխարհական պատասխանատուներուն թելադրեց առաջնահերթ կարեւորութիւն տալ կրթական կեանքին։
Այս ծիրէն ներս, Կիրակի, 13 Հոկտեմբեր 2024ին, Պոսթընի համայնքի նուիրեալներէն՝ Կիւզէլեան ընտանիքի բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-ընթրիք մը, որուն ներկայ գտնուեցան Վեհափառ Հայրապետը եւ գաղութի անդամներէն ոմանք։ Հանդիպման նպատակն էր Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանին (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) ընդլայնման ու արդիականացման ամբողջական ծրագիրը ներկայացնել ու համայնքի զօրակցութիւնը ձեռք բերել, ինչպէս կատարեց, հանդիպման աւարտին, պրն. Մաքյլ Կիւզէլեան։ Վարժարանի պատասխանատուները առանձին հանդիպում ունեցան Նորին Սրբութեան հետ՝ ծրագրին շուրջ անոր տեսակէտին իրազեկ դառնալու համար։ Վեհափառ Հայրապետը իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեց, միաժամանակ թելադրելով վարժարանը մինչեւ երկրորդական կարգի հասցնելու ծրագիր ունենալ։
Միւս կողմէ, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն) նախաձեռնութեամբ, յատուկ հաւաք մը կազմակերպուեցաւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի առաքելութեան սատար հանդիսանալու։
Ընթրիքի ընթացքին ներկաները դիտեցին Դպրեվանքի առօրեային նուիրուած կարճ տեսերիզ մը։ Յաջորդաբար խօսք առին երեկոյի հովանաւոր Ռաֆֆի Քիւրէճեան եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան, որոնք ընդգծեցին Դպրեվանքին օժանդակելու հրամայականը։
Աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս ներկաներուն իր հայրապետական օրհնութեան խօսքը ուղղեց։ Ան ըսաւ, թէ Դպրեվանքը սովորական վայր մը չէ, ուր աշակերտներ կը յաճախեն սովորական ուսում ստանալու համար. Դպրեվանքը մարդակերտման, մա՛րդ պատրաստելու դարբնոց է: Սիրոյ սեղանին շուրջ գտնուող բոլոր հոգեւորականները անցած են Դպրեվանքէն, հոն թրծուած ու վերամարդացած են՝ մեր ժողովուրդի զաւակներուն իրենց ծառայութիւնը մատուցելու ամէնուրեք։ Դպրեվանքին նպատակն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայական ոգին դրոշմել մարդուն մէջ, ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը:
Արամ Ա. Կաթողիկոս բոլոր այցելութիւններուն ընթացքին շեշտեց կրթական կեանքը վերակազմակերպելու կարեւորութիւնը, հայ դպրոցը նկատելով եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր տարածքներէն մէկը մեր գաղութներուն մէջ հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու ամրապնդման համար։