ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՈՐԱԿԱՒՈՐՄԱՆ ԵՐԿԱՄՍԵԱՅ ԾՐԱԳԻՐԸ ՍԿՍԱՒ
Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի կազմակերպած ուսուցիչներու վերաորակաւորման երկամսեայ ծրագրի առաջին դասապահը տեղի ունեցաւ Շաբաթ. 19 Հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00 – 5:00-ին։ Ներկայ էին 15 ուսուցիչներ։ Դասախօսն էր դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան եւ դասապահը նուիրուած էր հայոց լեզուին, նիւթ ունենալով գրելավարժութիւն, այսինքն՝ լաւ նախադասութիւն կազմելու օրէնքներ եւ ընթացիկ ուղղագրական կանոններ։
Դասախօսը շեշտը դրաւ գլխաւոր երեք կէտերու վրայ հայերէն լեզուի դասապահ մը արդիւնաւէտ դարձնելու համար.
ա)Աշակերտին խօսքը զարգացնելու նպատակով, ստեղծել նիւթեր, որոնք զանոնք մղեն խօսելու։
բ) Ընթերցանութիւնը զարգացնելու նպատակով, դասարանէն ներս առիթ տալ աշակերտներուն ընթերցելու զիրենք հետաքրքրող պատմութեան գիրքեր։
գ) Գրելու կարողութիւնները զարգացնելու նպատակով, առիթ ստեղծել, որ աշակերտները մղուին գրելու։ Մասնաւորաբար արհեստագիտութեան զարգացման հետ քայլ պահելու նպատակով՝ կանուխ տարիքին աշակերտին ծանօթացնել հայերէն ստեղնաշարը եւ զանոնք քաջալերել հայերէն մեքենագրելու։ Ան նաեւ անդրադարձաւ ընթացիկ կարգ մը ուղղագրական կանոններու։ Ուսուցիչները առիթ ունեցան հարցումներ ուղղելու դասախօսին եւ շատ արդիւնաւէտ նկատեցին յիշեալ դասապահը։