ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼԻ ՄԷՋ
Շաբաթ, 2 Նոյեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, նախագահեց Ուայթընվիլի (Մէսէչուսէթս) հայկական ժառանգութեան նորակառոյց խաչքար-կոթողի բացման արարողութեան։ Սրբազան Հօր առընթեր ներկայ էին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեան, Արժպ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհն. Պաղսարեան եւ Արժպ. Տ. Արամ Ա. Քհն. Ստեփանեան։ Կոթողը կառուցուած է քաղաքապետարանի կողմէ տրամադրուած հողամասի մը վրայ տեղական Փայն Կրով գերեզմանատան մէջ։ Արարողութեան ներկայ էին Նորթպրիճ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամները, նահանգային երեսփոխան Տէյվիտ Մուրատեան եւ բազմաթիւ ծխականներ ու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բարեկամներ։
Կոթողը կը յիշէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողները, որոնք հաստատուած են Ուայթընզվիլ գիւղին (որ մաս կը կազմէ Նորթպրիճ քաղաքին) եւ Պլաքսթոն հովիտին մէջ։ Իբրեւ պաշտօնական արտայայտութիւն, Նորթպրիճ քաղաքը յատուկ հռչակագրով 2 Նոյեմբերը յայտարարեց «Հայկական Ժառանգութեան Օր»։
Կիրակի, 3 Նոյեմբերին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատարագեց ու քարոզեց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 67ամեակին առիթով։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոնդակը, որ Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեանին ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք կ՚ընծայէր ի գնահատումն անոր անձնուէր ծառայութեան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ Գոհաբանութեան աւանդական ճաշկերոյթը եկեղեցւոյ սրահին մէջ։
Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ համայնքը մնայուն յառաջդիմութեան եւ յանձնառու ծառայութեան համար, իր երախտագիտութիւնը յայտնելով անոր օրինակելի ընթացքին համար։