ԳՐԻԳՈՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ (մահ՝ 9 Նոյեմբեր, 1957)
Գրիգոր Յարութիւնեան (ռուսերէն՝ Գրիգորի Արութինով) Խորհրդային Հայաստանի թիւ մէկ մասը եղած է 16 տարի, զուգադիպելով Ստալինի բռնատիրութեան շրջանին։
Յարութիւնեան ծնած է 7 Նոյեմբեր, 1900-ին, Թելաւի մէջ (Վրաստան)։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Թելաւիի ռուսական վարժարանին մէջ։ Բոլշեւիկեան կուսակցութիւնը անդամագրուած է 1919-ին։ 1920-ին ձերբակալուած է եւ բանտ մնացած՝ մինչեւ խորհրդային իշխանութեան հաստատումը Վրաստանի մէջ։
Վրաստանի մէջ զանազան կուսակցական պաշտօններ վարելէ ետք, 1934-1937-ին Թիֆիսի քաղաքական կոմիտէի առաջին քարտուղար եղած է։ Յարութիւնեանի վերադասը՝ Լաւրենտի Բերիա, զինք յանձնարարած է Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան Կեդր. Կոմիտէի առաջին քարտուղարի պաշտօնին։ 15 Սեպտեմբեր, 1937-ին, կուսակցութեան լիագումար նիստը ընտրած է ռուսախօս Յարութիւնեանը, որ երբեք Հայաստան ոտք չէր դրած։ Քանի մը օր ետք, անոր նախորդը՝ Ամատուն Ամատունին, գնդակահարուած է։
Յարութիւնեանի պաշտօնավարութեան առաջին տարիներուն աւարտած են ստալինեան մաքրագործումները։ Ապրիլ 1938-ին սպաննուած է Խորէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, իսկ Օգոտոսին, Յարութիւնեանի գլխաւորած Կեդրոնական Կոմիտէն ընդունած է ամօթալի որոշում մը՝ Ս. Էջմիածնի վանքը փակելու եւ կաթողիկոսութիւնը վերցնելու մասին, սակայն որոշումը հաստատուած չէ Խորհրդային Միութեան համայնավար կուսակցութեան Կեդր. Կոմիտէին կողմէ։
Հակառակ քաղաքական բռնաճնշումներուն եւ ապա Բ. Աշխարհամարտի պատճառած մարդկային ու նիւթական մեծ զոհողութիւններուն, Հայաստան որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրած է Գրիգոր Յարութիւնեանի պաշտօնավարութեան 16 տարիներուն ընթացքին։
Նոյեմբեր 1945-ին, Յարութիւնեան դիմած է Ստալինին՝ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը Խորհրդային Հայաստանին միացնելու խնդրանքով, առանց յաջողութիւն ունենալու։ 1946-ին սկիզբը, զօրավիգ կանգնած է Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւուած հողերու կցումին Խորհրդային Հայաստանին։ 1946-1948-ի տեղի ունեցած է 100.000 սփիւռքահայերու ներգաղթը Հայաստան, որուն հետեւած է աւելի քան 10.000 ներգաղթողներու բռնի տեղահանումը դէպի Սիպերիոյ Ալթայ շրջանը 1949-ին։
Ստալինի մահուան յաջորդած՝ Խորհրդային Միութեան Ներքին Գործոց նախարար Լաւրենտի Բերիայի ձերբակալութենէն ետք (Յունիս 1953), Յարութիւնեան, որ համարուած է Բերիայի դրածոյ, սուր քննադատութեան արժանացած է կուսակցութեան մէջ։ Նոյն տարուան 28 Նոյեմբերին, Բերիայի գնդակահարութենէն քանի մը շաբաթ ետք, ազատ արձակուած է կուսակցութեան առաջին քարտուղարի իր պաշտօնէն։ Զինք փոխարինած է Սուրէն Թովմասեանը։
Պաշտօնէն արձակուելէ ետք, Յարութիւնեան աշխատած է իբրեւ սովխոզի նախագահ Երեւանի մօտակայքը։ Մահացած է Թիֆլիսի մէջ, 9 Նոյեմբեր, 1957-ին։