ԳԱԲՐԻԷԼ ԵՒ ՄԻՔԱՅԷԼ ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏՆԵՐԸ
Շաբաթ, 9 Նոյեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Միքայէլ եւ Գաբրիէլ հրեշտակապետներուն տօնը: «Հրեշտակ» բառը կը նշանակէ սուրհանդակ եւ պատգամաւոր: «Հրեշտակապետ» տիտղոսը կը տրուի երկնային նուիրապետութեան մէջ բարձր կարգի հրեշտակներուն: Միքայէլ եւ Գաբրիէլ միակ հրեշտակներն են, որոնք այս տիտղոսը ստացած են:
Միքայէլ (եբրայերէն՝ «Ան որ Աստուծոյ պէս է») բոլոր հրեշտակներուն իշխանն է եւ երկնային զօրքերու առաջնորդը: Ան ընդհանրապէս կը համարուի քրիստոնեաներու, եւ մասնաւորապէս զինուորներու պահապանը, ինչպէս եւ ուղղափառ հաւատքի պահապանն ու հերձուածներու դէմ պաշտպանը:
Գաբրիէլ (եբրայերէն՝ «Աստուծոյ ոյժ») Աստուծոյ գլխաւոր պատգամաբերն է։ Ան յայտնուեցաւ Դանիէլ մարգարէին, բացայայտելով տեսիլքի մը (Դանիէլ 8.16-26) եւ մարգարէութեան մը վաւերականութիւնը (Դանիէլ 9.21-27)։ Կանխատեսած է Յովհաննէս Մկրտիչի ծնունդը եւ եղած՝ Քրիստոսի ապագայ ծնունդը յայտարարող սուրհանդակը (Ղուկաս 1.11-21)։
«Մի՛ մոռնաք հիւրասէր ըլլալ, որովհետեւ այդպիսով ոմանք առանց գիտնալու հրեշտակներ հիւրասիրեցին» (Եբր 13.2)։