ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ ՍԿՍԱՒ 39 ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՎ
Մէկ ամսուան ակամայ ուշացումէ ետք, Երկուշաբթի, 4 Նոյեմբերին, Խորէն Ա. Կեդրոնին մէջ (Ֆանար), տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայագիտական Կեդրոնի 2024-2025 կրթական տարեշրջանի վերամուտը:
Հայագիտական Կեդրոնը արդէն երրորդ տարին ըլլալով կը գործէ շաբաթական եռօրեայ դրութեամբ՝ Երկուշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 5:00-7։30-ին, կրթական յստակ ծրագիրով:
Կեդրոնը դիմաւորեց 2024-2025 կրթական տարուան վերամուտը 39 ուսանողներով, որոնցմէ 21 Լիբանանէն, 18՝ առցանց (Գերմանիա, Քուէյթ, Սուրիա, Գանատա, Միացեալ Նահանգներ, Աւստրալիա):
Հայագիտական Կեդրոնի տեսուչ Ահարոն Շխրտըմեան յայտնեց, թէ Խորէն Ա. Կեդրոնը այսուհետեւ կը դառնայ գիտութեան եւ լոյսի կարօտ հայորդիներու տունը: Ան բարի վերամուտ մաղթեց ուսուցչական կազմին եւ ուսանողներուն, շեշտելով, որ հայագիտական նիւթերու հանդէպ ուսանողներու հետաքրքրութիւնը մեծագոյն բարիքը պիտի դառնայ հայապահպանման մեր աշխատանքներուն մէջ: Այս առիթով, տեսուչը շնորհակալութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ընդգծելով, որ տասնամեակէ մը աւելի գործող Հայագիտական Կեդրոնը վառ ապացոյցն է մայրենի լեզուի եւ ազգային արժէքներու պահպանութեան հանդէպ Հայրապետին նախանձախնդրութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հայագիտական Կեդրոնի յանձնախումբին, միաբան հայրերուն, ուսուցչական կազմին եւ բոլոր անոնց, որոնց հաւաքական եւ համատեղ ջանքերով հայեցի դաստիարակութեան եւ ինքնութեան պահպանման կարեւոր կեդրոնի մը վերածուած է այս կեդրոնը: