Մեր դպրոցներէն

ՀԻՒՐ ԴԱՍԱԽՕՍ՝ «ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

«Սիամանթօ» լսարանը ունեցաւ իր առաջին հիւր դասախօսը յանձին դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի, Շաբաթ, 9 Նոյեմբերին։ Դասախօսութեան նիւթն էր Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը։ Դոկտ. Մատթէոսեան հետաքրքրական սահիկաշարով եւ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց նիւթը յաճախակի համեմատութիւններ կատարելով Միացեալ Նահանգներու Սահմանադրութեան հետ։ Աշակերտները եռանդով ունկնդրեցին դասախօսութիւնը։ Աւարտին, դասախօսը պատասխանեց աշակերտներուն բոլոր հարցումներուն։