ՕՆՆԻԿ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ (ծնունդ՝ 20 Նոյեմբեր, 1898)
Եգիպտահայ նկարիչ Օննիկ Աւետիսեան արժէքաւոր վաստակ մը գումարած է հայ նկարչութեան գանձարանին մէջ։
Ծնած է 20 Նոյեմբեր, 1898-ին, Պրուսայի մէջ (Թուրքիա)։ Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած էԿ.Պոլսոյ մէջ։ 1921-1925-ին ուսանած է Վիեննայի կրաֆիք արուեստի դպրոցին մէջ, իսկ յետոյ ուսումը շարունակած է Հռոմի Գեղարուեստի Ակադեմիային մէջ, զոր աւարտած է 1927-ին։ Այնուհետեւ փոխադրուած է Գահիրէ, ուր 1929-1934-ին դասաւանդած է Նուպարեան ազգային եւ Պէրպէրեան վարժարաններուն մէջ։ 1936-1941-ին Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ դասաւանդելէ ետք, վերադարձած է Գահիրէ։
Օննիկ Աւետիսեանի գեղանկարները ուշադրութիւն կը գրաւեն իրենց ընդգծուած ծաւալներով եւ գծանկարի ամուր կառուցուածքով։ Անոր կարգ մը յայտնի գործերէն են «Մկրտութիւն» (Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարան), «Սուգ» (Գահիրէի արդի արուեստի թանգարան), «Աքսորեալներ» (Անթիլիասի կաթողիկոսարան), «Եղերամայրեր» եւ «Քանդուած դամբարան» (Հայաստանի ազգային պատկերասրահ)։ 1965-1967 թուականներուն նկարած է Պէյրութի Ս. Նշան Մայր Եկեղեցին զարդարող նկարները։ Գործերը 1923-էն սկսեալ ցուցադրուած են Վիեննայի, Գահիրէի, Աղեքսանդրիոյ, Լոս Անճելըսի եւ Պուքրէշի ցուցահանդէսներուն մէջ, շահելով մրցանակներ։
Աւետիսեան զբաղած է հայկական տպագրական տառերու բարելաւումով, հրատարակելով «Փորձ մը հայ տպագրական տառերու բարեփոխութեան ու արդիականացման» (1946) գիրքը, եւ խրախուսական մրցանակի արժանանալով Հայաստանի մէջ նոյն նպատակով յայտարարուած մրցոյթին։ Հեղինակած է «Հայ նկարիչներ ու քանդակագործներ» ֆրանսերէն հատորը (1959)։
Մահացած է Գահիրէի մէջ, 23 Նոյեմբեր, 1974-ին։